image

Վեհ ոգի, Արեւմտահայերէնի հանդէպ յանձնառութիւն եւ անկողմնակալ լրատւութիւն.2025-ը «Արեւելք»ի պատուհանով

  Վեհ ոգի, Արեւմտահայերէնի հանդէպ յանձնառութիւն եւ անկողմնակալ լրատւութիւն.2025-ը «Արեւելք»ի պատուհանով

Գիտէինք, ու դեռ ալ կը գիտակցինք, որ մեր գործը դժուարին պիտի ըլլայ, սակայն ոչ մէկ անգամ մտածած էինք, որ կրնայինք այսքան թէժ օրերէ անցնելու, այսքան պատերազմի արհաւիրք կիսելու, այսքան հող ու hերոսական Արցախ կորսնցնելու... Այդ բոլոր դառն դիպաշարը մենք եւս ապրեցանք, ապրեցանք ցաւով ու կորուստի կսկիծը կրելով, բայց մնացինք հաստատուն մեր ուխտին մէջ...։Չվիրաւորեցինք, անուանարկում չըրինք ու մանաւանդ մեր մէջ թշնամի չփնտռեցինք...։ Ուզեցինք ու կամեցանք, որ խելացի վարուինք հաւաքապէս, արթուն ըլլանք մեր ընկալումներուն մէջ, իրար «միս ուտել» չփորձենք ու ամենակարեւորը մեր հայրենիք՝ Հայաստանը վեր դասենք ամէն տեսակի շահէ ու կեղտոտ հաշիւէ...։ Մեր շուրջ սակայն այլ տեսակի խաղ կ՚ընթանար, ու դեղին, աղբահոտ բուրող մամուլը կը շարունակէր իր չարակամ գործը...։Այս բոլորը մենք ապրեցանք, ապրեցանք քիչ մը ամէն տեղ, բայց մանաւանդ Հայաստանի մէջ ու ըստ երեւոյթին դեռ երկար ժամանակ մը պիտի ապրինք, մինչեւ, որ հաւաքապէս «խելքի գանք» ու լիարժէք ձեւով հասկնանք, որ մենք բոլորս մէկ ենք, ու մեզմէ որեւէ անձին դէմ ուղղուած թոյնը,վիրաւորանքը եւ անուանարկումը միայն ու միայն պիտի վնասէ մեր հաւաքական շահերուն ու մեր Սուրբ հայրենիքին…։Այսքանը նշելէ ետք եւ աւարտին տանելով տարուան մեր առաջին գիրը, անգամ մը եւս կը հաստատենք այն հիմնարար սկզբունքները, որոնք մեր հարթակի հիմադրութեան առաջին իսկ պահեն էին, են ու պիտի շարունակեն մնալ այն ոսկեայ օղակները, որոնք պիտի զօդեն մամուլի եւ լրագրութեան կանոններն ու յարգանքը ապահովող հիմնական շղթան։

 Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ «Արեւելք»ի (www.arevelk.am) հարազատ ընկերներ եւ հետեւորդներ 

Ինչքան կարեւոր է ուղղութիւն ունենալը։ Ու թերեւս ամենաբարդն ու դժուարը առանց. Ուղղութիւն մը ունենալու նաւարկելն է...։Այս օրերուն եւ քիչ մը ամէն տեղ ուղղութիւն մը ունենալու, աւելի ճիշդը. Արդարացուած ուղղութիւն մը ունենալու խնդիրն է, որ կը տագնապեցնէ մեզմէ շատ-շատերը։ Ու այս առումով ալ. Աւելի. Կը դժուարանայ. Մեր գործը, երբ խնդիրը, Կը վերաբերի անկախ մամուլ մը պահելու-պահպանելու իրական գործին։ Արդարեւ անցնող տարիներու ընթացքին տարբեր առիթներով մեզի հարց տուած են ըսելով՝ «Դուք, որպէս «Արեւելք» ինչ դիրք բռնած էք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն դիմաց», կամ «Անկեղծ ըսէք դուք իշխանութեա՞ն կողմն էք կամ ընդդիմադիր էք»...։Շատեր այդ հարցադրումը ըրած են առանց չարակամութեան, պարզ միտքով մը, առանց յետին նպատակներու, ու պարզապէս ուզելով, որ մենք եւս «յստակ» կեցուածք մը ունենանք եւ ի մասնաւորի բարդ ժամանակներուն, կամ երբ հայրենի օրակարգը «թէժանայ» անցնինք «իրենց կողմը» ու կերպով մըն ալ սատարենք իշխանափոխութեան։ Լուռ դիտարկած ենք հնչած խօսքերը, մեր երեսին նետուած քննադատութիւնները, ու առաւելաբար առանց պատասխան մը գրելու անցած ենք մեր գործին...։Քննադատական տեսակի խօսքերը, շատ յաճախ եղած են մեղադրական ոճէն անդին վիրաւորական ոճով մը, յար եւ նման համացանցին վրայ երեւցող անորակ եւ քիչ մըն ալ անոպայ խօսքերուն ու խօսակցութիւններուն...։ Այդ բոլորը սակայն չեն յաջողած ընկրկել մեզ, այլ ընդհակառակը մեզի յուշած ու յիշեցուցած են, որ մեր գերագոյն արժանիքը «Արեւելք»ի հիմնադրման օրէն եւ մինչեւ այս պահը պիտի շարունակէ մնալ անկախ մամուլին ծառայելու իրական հրամայականը...։ Ու այդ շունչով զինուած աւելի սիրած ենք անկախ մնալու վիճակը ու մեր բոլորանուէր կամքը լարած յանուն գիրի առաքելութեան։Երբ տաս տարիներ առաջ «Արեւելք»ի հիմը կը դնէինք, շատ լաւ կը հասկնայինք, որ անկախ, առանց կողմ մը բռնելու եւ մանաւանդ իրերը իրենց անունով կոչելու առաքինութիւնը շատ ալ պիտի չսիրուի լայն հասարակութեան կողմէ...։Այո՛ պիտի ունենայինք համախոհներ ու բարեկամներ, բայց միեւնոյն ժամանակ մեր շուրջ պիտի աճէր չկամեցողներու խմբակ մը-կամ խմբակներ, որոնք օրն ի բուն կը հետեւէին մեր գրառումներուն եւ հրապարակումներուն, յաճախ մեր նիւթերուն մէջ «մազ փնտռելու» հոգեբանութեամբ։Նոյն առումով ու նոյն կշռադատութեամբ շատ լաւ հասկցած էինք, որ պիտի գրենք միայն ու միայն արդարին համար, պիտի չխնկարկենք այս կամ այն մարդուն կամ գործիչին (կամ նոյնիսկ բարերարին) ու այս մօտեցումը աւարտի մը տանելու ճիգով «դժուարին» անցումներու պարագային պիտի մնայինք լուռ եւ հեռու լուտանքներու տիղմերէն։ Գիտէինք, ու դեռ ալ կը գիտակցինք, որ մեր գործը դժուարին պիտի ըլլայ, սակայն ոչ մէկ անգամ մտածած էինք, որ կրնայինք այսքան թէժ օրերէ անցնելու, այսքան պատերազմի արհաւիրք կիսելու, այսքան հող ու hերոսական Արցախ կորսնցնելու... Այդ բոլոր դառն դիպաշարը մենք եւս ապրեցանք, ապրեցանք ցաւով ու կորուստի կսկիծը կրելով, բայց մնացինք հաստատուն մեր ուխտին մէջ...։Չվիրաւորեցինք, անուանարկում չըրինք ու մանաւանդ մեր մէջ թշնամի չփնտռեցինք...։ Ուզեցինք ու կամեցանք, որ խելացի վարուինք հաւաքապէս, արթուն ըլլանք մեր ընկալումներուն մէջ, իրար «միս ուտել» չփորձենք ու ամենակարեւորը մեր հայրենիք՝ Հայաստանը վեր դասենք ամէն տեսակի շահէ ու կեղտոտ հաշիւէ...։ Մեր շուրջ սակայն այլ տեսակի խաղ կ՚ընթանար, ու դեղին, աղբահոտ բուրող մամուլը կը շարունակէր իր չարակամ գործը...։Այս բոլորը մենք ապրեցանք, ապրեցանք քիչ մը ամէն տեղ, բայց մանաւանդ Հայաստանի մէջ ու ըստ երեւոյթին դեռ երկար ժամանակ մը պիտի ապրինք, մինչեւ, որ հաւաքապէս «խելքի գանք» ու լիարժէք ձեւով հասկնանք, որ մենք բոլորս մէկ ենք, ու մեզմէ որեւէ անձին դէմ ուղղուած թոյնը,վիրաւորանքը եւ անուանարկումը միայն ու միայն պիտի վնասէ մեր հաւաքական շահերուն ու մեր Սուրբ հայրենիքին…։Այսքանը նշելէ ետք եւ աւարտին տանելով տարուան մեր առաջին գիրը, անգամ մը եւս կը հաստատենք այն հիմնարար սկզբունքները, որոնք մեր հարթակի հիմադրութեան առաջին իսկ պահեն էին, են ու պիտի շարունակեն մնալ այն ոսկեայ օղակները, որոնք պիտի զօդեն մամուլի եւ լրագրութեան կանոններն ու յարգանքը ապահովող հիմնական շղթան։

Պահպանել Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան իրաւունքները, սատարել ու գրել այսօր ցաւալիօրէն վիրաւոր այդ գաղութներու կեանքի ամրապնդման ու գոյատեւման։

 Նպաստել, խօսիլ, քարոզչութիւն տանիլ, որ աշխարհով մէկ տարածուած սփիւռքահայութիւնը շարունակէ իր հաւատամքն ու սէրը՝ հանդէպ Մայր Հայաստանի։

Գովազդել ու գրել Հայաստան աշխարհ դարձած, հայրենադարձութիւն իրագործած հայորդրիներու յաջողութիւններուն մասին եւ ի վերջոյ հանգանակներուն հանգանակը բարձր պահել, պատուով պահել Հայաստանի, հայ տառ ու տիպի, հայոց հաւատքի ամրութիւնը պահող ու պահպանող կառոյցներուն գործն ու խօսքը։

Այդպէս դրինք առաջին տառը, այդպէս նետեցինք մեր առաջին քայլը եւ այսօր այդ վառ շունչով ու հոգիով ուխտած ենք ծառայել մեր հայութեան։

Հայաստանի մէջ, սփիւռքի ամէնահեռաւոր կէտին ու շաւիղին վրայ, Մերձաւոր Արեւելքի, Պոլսոյ թէ Տիարպէքիրի մէջ, հեռաւոր Ամերիկ-գանատաներու, Արժանթինի եւ Եւրոպայի սրտին վրայ, ուր որ հայ կայ, հայութեան շունչ կայ՛ հայկական ձայն մը կայ մենք այնտեղ ենք …։

Մեր երազը մեծ է ու այդ երազը կը խօսի համասփիւռքեան, եւ արեւմտահայերէնով արտայայտուող ամբողջական հարթակ մը կերտելու մասին։

 Հարկ է հաւատանք մեր երազին ու այդ երազը կիսենք ձեր հետ, երէկ այսօր եւ յաւիտեան։

 

 Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ Ձեր բոլորին «Արեւելք»ի սիրելի ընկերներ եւ հարազատ հետեւորդներ։