image

Գահիրէ. «Հայ Դատ»ի մարմնի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած է «Մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները հայերու հանդէպ եւ միջազգային պատասխանատուութիւնը»

Գահիրէ. «Հայ Դատ»ի մարմնի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած է «Մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները հայերու հանդէպ եւ միջազգային պատասխանատուութիւնը»

Օրերս «Հայ Դատ»ի մարմնի նախաձեռնութեամբ Գահիրէի մէջ լոյս տեսած է «Մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները հայերու հանդէպ եւ միջազգային պատասխանատուութիւնը» հատորը։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ խմբագրութեանս յղուած հաշորդագրութենէն՝

Ստորեւ՝ հաղորդագրութիւնը։

Վերջերս լոյս տեսաւ «Մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները հայերու հանդէպ և միջազգային պատասխանատուութիւնը» խորագրով գիրքը Միջազգային օրէնքի փորձագետ Տոքթ. «Մոհապէտ Հարբի» ի կողմէ:

Գիրքը մասնագիտացուած ուսումնասիրութիւն է, որը կը քննէ հայերու կողմէ կրած ծանր վնասները միջազգային իրավունքի տեսանկիւնէն, քանի որ այդ խախտումները կը համարուին մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններ։

Այս գիրքը կարևոր իրաւաբանական աղբիւր է միջազգային իրաւունքի ոլորտի հետազոտողներու համար։ Ան համակարգուած կերպով կը ներկայացնէ այս հանցագործություններու բնույթը և կը բացատրէ անոնց իրաւական հիմքերը՝ կեդրոնանալով հայերու հանդէպ կատարուածի վրայ՝ ուրուագծելով այն հիմքերը, որոնք կ՚որոշէն միջազգային պատասխանատուությունը։ Ան նաեւ կը քննարկէ եւ կը շեշտադրէ, որ պատմական արդարադատութիւնը վաղեմութեան ժամկէտ չի ճանաչնար։