Վայելած եմ իր մեծութիւնն ու սորված եմ ալ իրմէ, եւ կրնամ արդարօրէն ըսել որ հայ մտաւորականի եւ մարդու իրական ու առինքնող կերպարի մարմնցումն էր Ժիրայր Դանիէլեան:
Ժիրայր Դանիէլեան (1941-2022) արմատներով Հաճընէն, Արեւմտահայաստան:
Սփիւռքահայ ակնառու մտաւորականը, բանասէրն ու վերջին մոհիկաններէն մէկը սփիւռքահայ ազնուական ու պատուական սերունդի մը շիջեցաւ Ամերիկայի մէջ, թողնելով անդառնալի բաց մը:
Դանիէլեանը թէ՛ իբրեւ բանասէր եւ թէ՛ իբրեւ ուսուցիչ-տնօրէն, խմբագիր եւ գրող լիբանանահայ իմացական, մտաւոր ու գրական-մշակութային կեանքի սիւներէն մէկը կրնայ համարուիլ եւ կէս դարու հասնող արգասիքի մը գիծը բանալով, ան կրցաւ միաժամանակ յարգանքն ու համագործակցութիւնը վայելել հայրենիքի եւ Սփիւռքի գրեթէ բոլոր հաստատութիւններուն:
Անոր հրապարակած բանասիրական հատորները (հրատարակուած Երեւանի եւ Պէյրութի մէջ) հարստացուցին Հայ գրականութեան բանասիրական, գրականագիտական եւ իմացական աշխարհը: Ըլլալով խմբագիր զանազան գրական հանդէսներու եւ հիմնելով իր անձնական նախաձեռնութեամբ՝ «Կամար»ը, Դանիէլեան մշտապէս բարձրացուց Հայ գիրն ու գրականութիւնը եւ Սփիւռքահայ վերապրած սերունդին սկսած արդար ու պայծառ առաքելութիւնը արժանօրէն յառաջ տարաւ:
Վայելած եմ իր մեծութիւնն ու սորված եմ ալ իրմէ, եւ կրնամ արդարօրէն ըսել որ հայ մտաւորականի եւ մարդու իրական ու առինքնող կերպարի մարմնցումն էր Ժիրայր Դանիէլեան:
Հազար լոյս անոր հոգիին, ցաւակցութիւններ բոլորիս:
Տիգրան Գաբոյեան