image

Վարորդ մը ինքնաշարժով ներխուժած է Պրազիլի նախագահական նստավայր

Վարորդ մը ինքնաշարժով ներխուժած է Պրազիլի նախագահական նստավայր

Պրազիլի մէջ երէկ, վարորդ մը իր մեքենայով ներխուժած է նախագահական նստավայրի դարպասներէն ներս: Այս մասին յայտարարած են Պրազիլի անվտանգութեան ուժերը, նշելով, որ իշխանութիւնները ձերբակալած են անոր, իսկ նախագահ Միշէլ Թամէր այդ ընթացքին նստավայրէն դուրս կը գտնուէր:

Անվտանգութեան ուժերու յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ պահակները նախազգուշական կրակոցներ հնչեցուցած եւ ապա կրակ բացած են մեքենային վրայ, երբ վերջինս հրաժարած է կանգնիլ, եւ յաջողած են  ձերբակալել վարորդը, որ պարզուած է, թէ  անչափահաս մըն է:

Ըստ«Ռոյթըրզ» գործակալութեան, նախագահ Թամէր կ'ապրի Ճապորոյի մէջ, որ երկրորդ պաշտօնական նստավայրը կը համարուի, մինչ ներխուժման դէպքը կատարուած Ալֆորատայի նստավայրին մէջ: