Իսրայէլ հարուած հասցուցած է Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի նախագահական պալատի մօտ գտնուող թիրախին։
Ինչպէս կը տեղեկացնէ The Times of Israel-ը, այս մասին համատեղ յայտարարութիւն տարածած են Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն եւ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացը։
«Սա յստակ նախազգուշացում է սուրիական վարչակարգին։ Մենք թոյլ չենք տար զօրքեր ուղարկել Դամասկոսէն հարաւ կամ որեւէ սպառնալիք տրուզներու համայնքին», - գրուած է յայտարարութեան մէջ:
BBC-ն իր հերթին նշած է, որ իսլամիստական զինուած խումբերու եւ Սուրիոյ մէջ կրօնական փոքրամասնութիւն հանդիսացող տրուզներու միջեւ Դամասկոսի մերձակայքը մահացու բախումներ տեղի ունեցած են։ Ըստ հրապարակման՝ իրավիճակին եւս մէկ անգամ միջամտած են «արտաքին խաղացողներ», այդ շայքին՝ Իսրայէլն օդային հարուածներ հասցուցած է՝ պաշտպանելու տուրզի քաղաքացիական անձանց։