image

Վարձքդ կատա՛ր

Վարձքդ կատա՛ր

Լիբանանահայ թատերական կեանքը անցնող շաբաթավերջին կորսնցուց իր ներկայացուցչական դէմքերէն  մէկը: 1970-ական թուականներէն մինչեւ 1990-ականներուն վերջերը շարունակական ձեւով եւ տարբեր թատերական ներկայացումով լիբանանահայ թատերական կեանքը հարստացնող, գունաւորող, երիտասարդականացնող, համարձակ եւ ինքնուրոյն ոճով բեմադրութիւններով արուեստ կերտող Զոհրապ Եագուպեանը ոչ եւս է:

Այդ օրերուն դժուար էր լիբանանահայ թատերական դասական հսկաները ճեղքելով` նոր երիտասարդական թատրոն մը հիմնել:

Ժորժ Սարգսեանի, Վարուժան Խտըշեանի եւ Պերճ Ֆազլեանի նման հսկաներուն օրերուն, եթէ լիբանանահայ թատրոնը իր ոսկի շրջանը կ՛ապրէր, Զոհրապ Եագուպեանը կրցաւ իր «Վահագն»-ով մանաւանդ, ճեղքել հսկաները եւ բանալ իր ինքնուրոյն գիծը` շնչող, ոչ դասական, երիտասարդական եւ ժողովրդային թատրոնը: Զոհրապ Եագուպեանի թատերական կեանքը կը բաժնուի չորս փուլերու:

«Փորձառական թատրոն»-ի տարիները, երբ համախմբեց մեծ թիւով երիտասարդներ, եւ երբ շաբաթներով երկարեցան իր բեմադրած ներկայացումները: Հանդէս եկաւ տարբեր ոճի ներկայացումներով, մանաւանդ` «Պուրճ Համուտ 78-ով», որ իր գլուխ գործոցներէն մէկը կը համարուի: Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ «Վահագն»-ը, «Փառքի վաշխառուները», «Աստուածային կատակերգութիւնը» եւ ուրիշներ:

Երկրորդ փուլը Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին հետ գործակցութիւնն է, որ մանաւանդ հիմքը դրաւ մանկական թատրոնին: Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը տարիներու վրայ ներկայացուց նախ դասական թատրոններ եւ աւելի ուշ մանկական ներկայացումներ` նախաքայլը առնելու աւելի ուշ Վիգէն Ստեփանեանին հիմնած Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբին:

Երրորդ փուլը լիբանանեան թատրոնի մէջ իր փորձը եղաւ, ուր նաեւ յաջողութիւն գտաւ. Ռուլա Համատէի հետ բեմադրեց «Պէպէքս» թատերախաղը եւ արաբերէնով ներկայացուց աւելի քան չորս ամիսներէ լիբանանեան հանրութեան:

Չորրորդ փուլին «Մեղուներու խումբը» ստեղծեց եւ  բեմադրեց «Այսպէս չ՛ըլլար, այնպէս կ՛ըլլայ», «Պուրճ Համուտ 78 + 8», «Յակոբ Պարոնեան Պուրճ Համուտի մէջ»: Զոհրապ Եագուպեանը գործակցեցաւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին հետ, բայց երկրի քաղաքական պայմաններուն պատճառով գործակցութիւնը աւարտեցաւ մէկ ներկայացումով:

Այսպէս, թատրոնը նկատի ունենալով իբրեւ հանրային դպրոց, կրնանք ընդգծել, որ Զոհրապ Եագուպեանը թէ՛ իր խումբերուն մէջ, եւ թէ՛ իր ներկայացումներուն ընդմէջէն հազարաւոր հանդիսականներու սիրելին է, բոլորէն յարգուած եւ փնտռուած բեմադրիչն էր:

Ունէր իրեն հաւատարիմ տղոց խումբ մը, որ տասնեակ տարիներով Եագուպեանի կողքին մնացին եւ լիբանանահայ թատերական կեանքի պատմութեան իրենց նպաստը բերին:

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահը կանգուն վկան է այս պատմութեան: Անոր բեմը հարազատ ծաղկեպսակն է Զոհրապ Եագուպեանի յիշատակին: Քուլիսները եւ հանդերձարանը տակաւին կը բուրեն Զոհրապի, Ժորժ Սարգիսեանի, Վարուժան Խտըշեանի շունչը, քրտինքը, գիշեր-ցերեկ աշխատողներու եւ յուշարարներու ժրաջան աշխատանքը` արուեստագէտներուն լաւն ու որակաւորը հրամցնելու:

Վ՛արձքդ կատար:

Յակոբ Լատոյեան

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն