image

Էդգար Ղազարեանին մեղադրանք առաջադրուած է «դատաւորները արատաւորելու» յօդուածով

Էդգար Ղազարեանին մեղադրանք առաջադրուած է «դատաւորները արատաւորելու» յօդուածով

Փաստաբան Ռուբէն Մելիքեան յայտնած է, որ Հասարակական-քաղաքական գործիչ Էդգար Ղազարեանին մեղադրանք առաջադրուած է՝ «դատաւորները արատաւորելու» յօդուածով։ Ան տեղեկացուցած է, որ խափանման միջոցով վաղը պիտի կայանայ դատական նիստ։

1lurer.am-ի հարցմանն ի պատասխան՝ Քննչական կոմիտէէն տեղեկացուցած են․

«Դէպքի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթով հանրային քրէական հետապնդում է յարուցուել 1 անձի նկատմամբ՝ Քրէական օրէնսգրքի 490-րդ յօդուածի 2-րդ մասով (Դատաւորի, դատախազի, քննիչի, քննչական մարմնի ղեկավարի, հետաքննութեան մարմնի, փաստաբանի, ներկայացուցչի, փորձագէտի կամ հարկադիր կատարողի նկատմամբ սպառնալիքը կամ նրանց մասին տեղեկութիւն հրապարակելը կամ նրանց գոյքը ոչնչացնելը կամ վնասելը կամ նրանց նկատմամբ բռնութիւն գործադրելը - խմբ․)»։

Այս յօդուածի 1-ին մասով նախատեսուած՝ անձանց մասին արատաւորող կամ նշուած անձանց իրաւունքներուն ու օրինական շահերուն այլ վնաս պատճառող տեղեկութիւն հրապարակելը կամ նշուած անձանց գոյքը ոչնչացնելը կամ վնասելը՝ կապուած նշուած անձանց օրինական ծառայողական կամ մասնագիտական գործունէութեան հետ՝ կը պատժուի ազատութեան սահմանափակմամբ՝ մէկէն երեք տարի ժամկէտով, կամ կարճաժամկէտ ազատազրկմամբ՝ մէկէն երկու ամիս ժամկէտով, կամ ազատազրկմամբ՝ երկուքէն հինգ տարի ժամկէտով: