Պոլսէն տխուր լուր ստացանք։
Արկածի հետեւանքով եւ անժամանակ մահով մը զոհուած է համայնքային շրջանակներուն մէջ ծանօթ անուն հանդիսացող՝ Ռաֆֆի Պէքմէզը։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրներէն։
Կը նշուի, որ Ռաֆֆի զոհուած է երէկ առաւօտուն՝ Պոլսոյ Սարըյէր շրջանի Ենիգիւղ հատուածին մէջ պատահած արկածի հետեւանքով։ Ինքնաշարժ մը, որ կը փորձէր Ռաֆֆիի գտնուած վայրէն անցնիլ զարնուած է կանգառի մէջ եղող չորս ինքնաշարժներու, ապա հասած այդ պահուն մայթէն քալող մեր հայրենակիցին։
Ան ծայրայեղ ծանր վիճակով տեղափոխուած է հիւանդանոց, բայց կարելի չէ եղած փրկել իր կեանքը եւ առանց գիտակցութեան գալու մահացած է , խոր սուգի մատնելով բոլոր հարազատները։
Նշենք նաեւ, որ Ռաֆֆին նախակրթութեան ուսումը ստացած էր Բանկալթը Մխիթարեանի, յետոյ ուսումը շարունակած Սէն Պէնուա ֆրանսական լիսէի մէջ։ Բարձրագոյն ուսումով վկայուած էր Քօչ համալսարանէն։ Որդին էր Պոլսոյ հայոց համայնքի ծանօթ դէմքերէն՝ Արաստ Փէքմէզի (այժմ հանգուցեալ) ու Բերս Կէօզիւպիւյիւքի։
Ճակատագրի տխուր խաղին հետեւանքով Ռաֆֆին կը բաժնուի իր հարազատներէն խորունկ ցաւի մատնելով զինք ճանչցողներն ու բոլոր պարագաները։