Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը եւս երկու իսրայէլցի պատանդ փոխանցած է Կարմիր խաչին, անոնցմէ մէկը գերութեան մէջ եղած է 10 տարի: Տեղեկութիւնը յայտնած է «Al Jazeera» հեռուստաալիքը:
Պատանդները փոխանցուած են Կազայի հատուածի հարաւը գտնուող Ռաֆահ քաղաքին մէջ։
Ազատ արձակուած են Ավեր Մենկիսթուն եւ Թալ Շոհամը։
Այսօր կը նախատեսուի ազատ արձակել եւս 4 պատանդ։ Անոնք Կարմիր խաչին պիտի փոխանցուին Կազայի կեդրոնական մասին մէջ գտնուող Նուսէյրաթ ճամբարին մէջ:
Յիշեցնենք` յունուար 19-էն Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի ռեժիմ կը գործէ Իսրայէլի եւ պաղեստինեան «Համաս» շարժման միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան շրջածիրէն ներս։