image

Վարձքդ Կատա՛ր, Պապ (Գեղամ Հաւաթեանի մահուան առիթով)

Վարձքդ Կատա՛ր, Պապ (Գեղամ Հաւաթեանի մահուան առիթով)

Տօնական օրերու նախօրեակն է, ան կ՛արթննայ մտահոգ եւ մտածկոտ, կ՛ուղղուի դէպի շոգեկառքի կայարան, որպէսզի վերջին վակոնին վրայ ցատկելով` կարենայ անվճար հասնիլ Ճեմարան: Դէպի կայարան ճամբուն վրայ կը մտածէ, թէ ինչպէ՞ս Այնճար արձակուրդի պիտի երթայ հարազատներուն հետ անցընելու Նոր տարին: Յանկարծ հողմապտոյտ մը կու գայ եւ բաւական փոշի կը ստեղծէ: Երբ մրրիկը կը հանգչի, յանկարծ տասը լիբանանեան ոսկի դիմացը` գետինը կը տեսնէ: Չորս կողմ կը նայի եւ տատամսոտ կը ծռի ու կը վերցնէ դրամը: Այդ տարի փառաւոր Ամանոր մը կ՛անցընէ` բարձրանալով Այնճար նոր հագուստներով, միրգերով եւ հարազատներուն նուէրներով: Դժբախտաբար այլ գեղեցիկ անակնկալ չի կրկնուիր, որպէսզի կարենայ աւարտել Ճեմարանի ուսումնական շրջանը եւ կանուխ տարիքէն կը նետուի կեանքի ասպարէզ` ապրելով Ճեմարանի կարօտով ու  անոր աշակերտած ըլլալու ներքին հպարտութեամբ: 60 տարիներ ետք թոռնիկին Ճեմարանէն վկայուելուն առիթով հոգեկան անհուն բաւարարուածութիւն մը կ՛ապրի:

Գոյութեան համար պայքարով սկսած կեանքի երթ մը, բազում դժուարութիւններով եւ սակայն աշխատասիրութեամբ յատկանշուած` Այնճարի կազմաւորման ու զարգացման հետ իր հունը կը պահէ: Հայրս ծնողական գուրգուրանքէ եւ հոգատարութենէ մէկուկէս տարեկանին արդէն զրկուած էր եւ, սակայն, իր ծնողական պարտականութիւնը անսպառ սիրով ու մեծ զոհողութեամբ կատարելով, փորձեց իր մխիթարութիւնն ու բաւարարուածութիւնը գտնել եւ կեանքը արժանաւորապէս իմաստաւորել:

Իր հայրական սէրը տուաւ նաեւ հաւաքական կեանքին եւ մի՛շտ հայրական լայնասրտութեամբ, սակայն միաժամանակ խստապահանջութեամբ կատարեց իրեն վստահուած կուսակցական ու ազգային բոլոր պարտականութիւնները: Գիւղի ամբողջ երիտասարդութիւնը համարեց իր հոգեհարազատ զաւակները` հետամուտ դառնալով անոնց կուսակցական ու նաեւ կենցաղային պահուածքին:

Դէպքերու հարուստ ու անջնջելի շարան մը դրոշմուած կը մնայ մտապատկերիս մէջ, ու նաեւ կան պահեր, որոնք իրենց բովանդակային խորքայնութեամբ` դաստիարակութեան ու փորձառութեան անսպառ աղբիւր կը շարունակեն մնալ: Այդ պահերէն մէկն է 1970-ական թուականներու վերջաւորութեան պատահարը, երբ գիւղին կեանքը կ՛ալեկոծի անոր հայեցի դիմագիծին սպառնացող ընտանեկան տգեղ պատահարով մը, եւ մենք` օրին պատանի, շատ լաւ կը յիշեմ, որ հօրս կոմիտէի հերթապահութեան օրով յանկարծ ամբողջ գիւղը կը հրաւիրուի զգաստութեան եւ կը կազմակերպուի քայլարշաւ մը, որ կոմիտէին կողմէ կ՛առաջնորդուի դէպի սայթաքած ընտանիքի բնակարանը ու, աւելի՛ն, այդ ընտանիքը անմիջապէս կը վտարուի գիւղէն: Անշուշտ միաժամանակ, կոմիտէի դասաւորումով, պարտէզներու շրջանին մէջ ընտանիքին կ՛ապահովուի պատսպարան մը: Այս մէկը կը դառնայ հատու պատգամ մը բոլորին, եւ այդ պատգամը մինչեւ այսօր ահաւասիկ կը պահէ իր այժմէականութիւնն ու հրատապութիւնը:

Սիրելի՛ ընկեր Գեղամ, դուն մեզի համար միայն տիպար հօր օրինակ չդարձար, այլ քու համակող գործունէութեամբդ դաշնակցական մթնոլորտն ու Դաշնակցութիւնը մեզի համար վերածեցիր նաեւ կենսակերպի: Մեր բոլոր քայլափոխերուն հետեւեցար աչալուրջ կերպով` առանց կաշկանդելու կամ սահմանափակելու մեր անհատական դատողութիւնն ու տեսակէտը: Քու օրինակովդ միշտ ալ փորձեցիր լուսաւորել ճիշդ ճանապարհը, եւ մենք պատանեկան ու երիտասարդական հետաքրքրութեամբ հետեւեցանք գործունէութեանդ, իսկ երբ արդէն դարձած էինք հասուն, ընկերական դարձան մեր զրոյցներն ու յարաբերութիւնները:

Մնացիր միշտ տագնապող` Հայաստանի ու լիբանանահայութեան լուրերով ու յատկապէս Այնճարի դիմագրաւած մարտահրաւէրներով ապրեցար ամէն վայրկեան: Վերջին տարիներուն, երբ լսողութիւնդ այլեւս սկսած էր տկարանալ, հակառակ լսողական գործիք դերակատարութեան,  չուզեցիր վայրկեան մը իսկ փախցնել եւ տան մէջ ձայնասփիւռի ու հեռատեսիլի ձայնը ուժգնօրէն բարձրացուցած` հետեւեցար բոլոր անցուդարձերուն:

Վերջին ինը տարիներուն շատ տագնապեցար մամային հիւանդութեամբ: Կը յիշեմ, վերջին անգամ, երբ եկած էի մաման հիւանդանոց տանելու, նայուածքդ ինչպէս քարացուցիր եւ ապա դարձար ինծի ու հասկցուցիր, որ այս մէկը վերջին հրաժեշտն է: Մեր հիւանդ քրոջմով միշտ տագնապեցար, ամէն միջոցի դիմեցիր, որ անոր կեանքը դառնայ բնական ու հանգստաւէտ: Շատ արագ գացիր միանալու մամային, թերեւս հոն ուզեցիր անմիջապէս գտնել քու յաւիտենական հանգիստդ:

Այո՛, արտայայտութիւններուդ մէջ ժուժկալ էիր, զաւակներուդ ու թոռնիկներուդ արձանագրած յաջողութիւններն անգամ չէիր շեփորեր ու հպարտութիւնը դիմագիծիդ վրայ քողարկուած կը պահէիր, բայց մենք նայուածքիդ մէջ կը տեսնէինք փայլատակող ուրախութիւնդ:

Թոռնիկիդ` Գեղամին, դաշնակցական երդում տալու օրը անհանգիստ էիր, բայց այդ առաւօտ արթնցար, ինքզինքդ առողջ ձեւացուցիր, պատրաստուեցար եւ անհամբեր սպասեցիր, երբ եկայ քեզ տանելու Պուրճ Համուտի գերեզմանատուն, ուր ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց ան տուաւ իր դաշնակցական երդումը: Շնորհաւորութեան ընթացքին զգացի թոռնիկիդ հետ գիրկընդխառնումիդ ջերմութիւնն ու ապրած անհուն ուրախութիւնդ: Անդրադարձայ, որ անոր վկայականին առիթով այս տարողութեամբ խանդավառութիւն չէի տեսած: Այո՛, քեզի համար դաշնակցականութիւնը հայ մարդուն ամենամեծ վկայականն էր, որովհետեւ համակ կեանք մը իմաստաւորեցիր այդ արժեհամակարգով ու այդ ըմբռնողութիւնդ փոխանցեցիր մեզի` բոլորիս:

Հանգչի՛ր խաղաղ, պա՛պ, գործերդ չեն մոռցուիր, յիշատակներդ դրոշմուած կը մնան մեր մէջ ու ընտանեկան սեղաններու վրայ մեր բաժակները բարձրացուցած` կենացդ խմելով միշտ պիտի երգենք` հայ ես եղել, հայր ես եղել, դաշնակցական անկեղծ զինուոր ես եղել:

Հպարտօրէն կը խոնարհիմ` վաստակիդ, հայրական սիրոյդ, անկեղծութեանդ, քաջութեանդ ու դաշնակցականութեանդ դիմաց:

 

Յակոբ Հաւաթեան