image
Հրատապ լուրեր:

Վարդան Ղուկասեանը ՀՀ-ի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի դէմ հայց ներկայացուցած է դատարան. Hetq.am

Վարդան Ղուկասեանը ՀՀ-ի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի դէմ հայց ներկայացուցած է դատարան. Hetq.am

Գիւմրի համայնքի ղեկավար Վարդան Ղուկասեանը հայցադիմում ներկայացուցած է Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ։ Ան կը պահանջէ ոչ միայն հերքել զրպարտութիւն համալրուող տեղեկութիւնները, այլեւ ճանչնալ իր անմեղութեան կանխավարկածի խախտման փաստը եւ վճարել փոխհատուցում։ Այս մասին գրած է «Հետք»ը։

Ռուբէն Ռուբինեան «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցի իր էջին տարբեր գրառումներով «կաշառակեր սրիկայ»  անուանած է Վարդան Ղուկասեանը, այն բանէ ետք, երբ Հակափտածութեան կոմիտէի կողմէ քննուող քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս Ղուկասեանին մեղադրանք առաջադրած են։

Մասնաւորապէս՝ հրապարակումներէն մէկուն մէջ Ռ.Ռուբինեանը Վարդան Ղուկասեանի նկարին կից գրած է. «6 ամիս եւ 1 օր: Ըստ Հակակոռուպցիոն կոմիտէի` ուղիղ այսքան պահանջուեց, որպէսզի սա վերադառնայ կաշառակերութեան իր սիրած գործին ու բռնուի: Սրա համար քաղաքական պատասխանատւութիւն են կրում իրեն քաղաքապետ դարձնողները` Քոչարեանը, Սարգսեանը, Վանեցեանը, Դաշնակցութիւնը եւ միւսները: Պատասխանատու է նաեւ օրհնողը` Կտրիճ Ներսիսեանը`իւր իշխանազաւթում տենչացող արքեպիսկոպոսներով: Ու սա 2026 թուականին ուզում են կրկնել համապետական մասշտաբով, որ ետ գան ու վերսկսեն իրենց թալանը: Թոյլ չե´նք տալու»։