image

Վանուհի Իսաջանեանի կտակը ՀՕՄ-ին. Վարակիչ օրինակ ապագայ սերունդներուն

 Վանուհի Իսաջանեանի կտակը ՀՕՄ-ին. Վարակիչ օրինակ ապագայ սերունդներուն

 

 Աւելի վաղ «Արեւելք» գրած էր ՀՕՄ-ի նուիրեալ գործիչներէն՝ Վանուհի Իսաջանեանի տխուր մահուան մասին։ Օրերս ՀՕՄ-ի կողմէ տարածուած հաղորդագրութեամբ մը վերահասու կը դառնանք, որ հանգուցեալը  նոյն ՀՕՄ-ին, որուն ծառայած է երկար տարիներ կատարած է իշխանական նուիրատւութիւն մը, որպէս կտակ։

 

 Հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս կը նշուի՝

 

 

Այսու կու գանք տեղեկացնել մեր անդամներուն եւ ՀՕՄ-ի բարեկամներուն թէ՝ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան առաջին ատենապետ ընկհ. Վանուհի Իսաջանեան $50,000 կտակած է ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան:

 

Ընկհ. Իսաջանեան, իր ողջութեան փափաք յայտնած էր, իր կտակած գումարով հիմնադրամ մը ստեղծել Շրջանային Վարչութեան մօտ, որմէ շահարկուած տարեկան եկամուտը տրամադրուի ՀՕՄ-ի՝ Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան Առողջապահական կեդրոն»ին:

 

Ընդառաջելով լուսահոգի ընկերուհիին փափաքին, Շրջանային Վարչութիւնս յետ մահու հիմնեց «Վանուհի Իսաջանեան» անձեռնմխելի ֆոնտը:

 

Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը մեծապէս կը գնահատէ ընկհ Վանուհիի ազգանուէր այս արարքը, որմէ պիտի օգտուին Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան Առողջապահական կեդրոն»ի ծննդատան մէջ ծնունդ տուող մայրերն ու նորածին երեխաները:

 

Վարձքդ կատար Սիրելի ընկերուհի Վանուհի: Ամբողջ կեանքդ եղաւ համակ նուիրում ազգիդ ու հայրենիքիդ:

 

Թող քու այս արարքդ վարակիչ օրինակ դառնայ մեր ապագայ