Ծանօթ է, որ պատանի Վահան Թէքէեանի ներաշխարհին վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած են շատ մը իրողութիւններ, որոնց կարգին էին նաեւ իրենց տան մէջ պահուող երկու նկարներ՝ իտալացի գործիչ Կարիպալտիին եւ Վարդան զօրավարին նկարները:
Թէքէեանի քերթողական մտածողութեան ինքնատիպ կողմերէն մէկը գրականագէտները կը նկատեն հայկական պատմական իրողութիւններուն, անձերուն, ազգային արժէքներուն շատ յաճախակի եւ իմաստալից գործածումը իր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Այդ մէկը նկատելի է նոյնիսկ Թէքէեանի բանաստեղծական խորագրերուն մէջ՝ «Յարալէզներ», «Հրազդան», «Կոմիտաս Վարդապետ», «Լուսաւորչի կանթեղը», «Սփիւռք», «Սուետիա», «Եկեղեցին հայկական» եւ այլն:
«Խորհուրդ Վարդանանց» եւ «Վարդանանց» քերթուածները նոյնպէս այդ կարգի կը պատկանին:
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ
Ա.
Գիշեր մը երբեք այսպէս լուռ ու լուրջ,
Չէ դիզուած հսկայ բանակի մը շուրջ:
Եւ բանակ մ՚երբեք խաւարին մէջտեղ,
Չէ եղած այսպէս լուսագեղ, անմե՜ղ:
Երկինքն այս գիշեր երկիրը կ՚օրրէ
Հոգիներն Հայոց իրմով կը խմորէ:
Հոս խաչեր եւ հոն սաղաւարտ ու սուր՝
Խաւարի ծովում շիթերն են մաքուր:
Խըթո՜ւմ է կարծես.- Ամէն կողմ ահա
Կոչնակներու կանչն հանդարտ կը թրթռայ:
Ամէն կողմ սեղան, մոմեր, երէցներ,
Բանակը ճաշակ կ՚առնէ այս գիշեր:
Էն վերջը Վարդան՝ գլխաբաց, հետի,
Կու գայ հաղորդուիլ արեա՛մբն Յիսուսի:
Բ.
Դաշտն՝ արշալոյսին խունկ է, կը մըխա՜յ,
Զէնքերու շաչիւնն իր շուրջն է ծնծղայ:
Թշնամի բանակն ամպի պէս խաւար,
Կ՚երեւայ հեռուն եւ կը սահի վար…:
-«Վասըն Յիսուսի, Վասըն Հայրենեաց՝
Յառա՜ջ», Վարդանի ձայնը հո՛ն գոռաց…:
Քիչ յետոյ արդէն խառնուրդն է անհուն…
Կեանքէ կեանք կ՚երթան զինուորներն Հայուն…:
Կը նետուին ընդդէմ սուրի՛ն, նիզակի՛ն,
Որոնք խաչերուն վրայ կը կոտրին:
Վարդան, իր ճերմակ ձիով, զըրահով,
Ամէնքէն առաջ, ամէնքին է քով:
-«Յաղթեցինք կ՚ըսէ Պարսիկը փախաւ…»
Եւ կ՚իյնա՜յ՝ տալով իր հոգին անբաւ…:
Գ.
Մութցած երկինքին ներքեւ՝ արեւի
Ճաճանչ մը, յանկարծ, գետնէն կը ծագի:
Եւ մութցած, սառած դէմքերուն անշէջ,
Կը մտնէ՜ ամէն Հայու հոգւոյն մէջ:
Վարդանի հոգին, հըրագո՛ւնտ անշէջ,
Կը մտնէ՜ ամէն Հայու հոգւոյն մէջ:
Հոգիներուն մէջ ան կ՚երթայ առաջ՝
Հոգիներէն դուրս ցըցած սուր ու խաչ:
Կը զարնէ խաչովն ու սուրովն գիր,
Կը գըրէ, կ՚օրհնէ՜ Վարդանը կարմիր:
Դարերը կ՚անցնին՝ բայց Վարդա՛նը Քաջ,
Բայց Վարդա՛նը Սուրբ կ՚երթայ միշտ առաջ:
ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ
(Նախերգանք)
Պատերազմ էր Հաւատքի եւ Հայրենեաց փրկութեան...
Կ՚իջնէր վերջին իրիկունն, ու արիւնները վաղուան
Հորիզոնին վրայ կարծես էին կանխաւ ցոլացած
Փայլատակող, եռացող, բարձրացող առ Աստուած...:
Դաշտը ամբողջ կը դողար իր խոր անունն՝ Աւարա՜յր
Արձագանգուած լըսելով ժամանակին մէջ անծայր...
Գետը Տըղմուտ կը հոսէր՝ պղտոր անունը իրեն
Ադամանդի պէս բարձած, պսպըղալէն, թրթռալէն...:
Հոն գագաթին Մասիսի, հին աստուածները Հայոց
Կը հսկէին համախումբ՝ արձակելով ծուխ ու բոց
Նոր աստուծոյն դէմ քէնոտ, բայց սրտեռանդ, անհամբեր...:
Եւ դիմացէն, քաղցրանիստ Արագածին ի վերեւ,
Քրիստոս իջած, պահուըտած ճերմակ ամպի մը ետեւ,
Ինչպէս գիշերն իր վերջին՝ բազկատարած կ՚աղօթէր...: