image

Հալէպի մէջ. Սրբոց Վարդանանց տօնը յիշատակուած է հայ երեք համայնքապետերու նախագահութեամբ 

Հալէպի մէջ. Սրբոց Վարդանանց տօնը յիշատակուած է հայ երեք համայնքապետերու նախագահութեամբ 

Հալէպի մէջ, օրերս, նախագահութեամբ հայ երեք համայնքապետերուն եւ հիւրընկալութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, տեղի ունեցած է Սրբոց Վարդանանց տօնակատարութիւն։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։

Հինգշաբթի, 27 Փետրուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նախագահութեամբ հայ երեք համայնքապետերուն եւ հիւրընկալութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնակատարութիւն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: 

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին, տօնակատարութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան:

Տօնախմբութեան ներկայ էին հոգեշնորհ հայր սուրբեր, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, յարգարժան պատուելիներ, Ազգային Վարչութեան ատենապետն ու անդամները, հալէպահայ հաստատութիւններու, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ժողովուրդի զաւակներ: 

Բացման խօսք արտասանեց եւ օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց Մարինա Պօղիկեան, անդրադառնալով Սրբոց Վարդանանց տօնի յիշատակութեան կարեւորութեան:

Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով հանդէս եկաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ.  բժշկ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Ներսէս Թոփճեանի: Յաջորդաբար հնչեցին Սրբոց Վարդանանց նուիրուած «Թէ Հայրենեաց Պսակադիր» երգը, «Նորահրաշ» շարականը եւ «Իմ Հայրենեաց Հոգի Վարդան» երգը։ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Արիացեալք» շարականը մեներգեց դպրուհի Աննա Սաղպազարեան։

Վարդանի ճառը ընթերցեց դպիր Վահէ Սարգիսեան։

Օրուան բանախօսութիւնը ներկայացուց Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան: Ան նշեց, թէ Վարդանանց ճակատամարտի նշանաբանը՝ «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է», ինքնին մարտահրաւէր մըն էր եւ այս ճակատամարտը պիտի բնորոշէր հայ ժողովուրդին իր հայրենիքին եւ հաւատքին իրաւատէրը ըլլալու հանգամանքը։

Քահանայ հայրը դիտել տուաւ, որ պարսիկները, ոչ թէ կ՚ուզէին ջնջել, այլ Աստուծոյ ընտրեալ հայ քաղաքակիրթ ժողովուրդը ձուլել իրենց ձուլարանին մէջ, այլ խօսքով կ՚ուզէին հայու ստեղծագործ ոգին իրենց մէջ գտնել։

Ան յայտնեց, թէ Վարդանանց պատերազմին մէջ էականը մարմինի յաղթութիւնը չէր, որովհետեւ մարմինը մահուամբ վերջ պիտի գտնէր, այլ էականը հաւատքն էր, որ հիմնականօրէն կը գօտեպնդէր եւ կը զօրացնէր հայորդիները՝ բոլոր ժամանակներու եւ ամէն տեսակ թշնամիներու դէմ մղուած պատերազմներու ընթացքին։

Քահանայ հայրը նշեց, թէ Վարդանի թոռները ըլլալով, ժամանակի ընթացքին որքան մարտահրաւէրներ ալ ըլլան մեր երկրին վրայ, որքան վտանգներ ալ յայտնուին մեր հաւատքին եւ հայրենիքի անկախութեան սպառնացող, Վարդանանց հաւատքի ոգիով կը յաղթահարենք բոլորը, եւ այնպէս ինչպէս մեր հայրերը այդ հաւատքի ոգին մեզի փոխանցեցին, մենք եւս պարտաւոր ենք զայն փոխանցել նոր սերունդներուն։

Երեք համայնքապետերը իրենց պատգամները ուղղեցին հաւատացեալներուն:

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր պատգամին մէջ յայտնեց, թէ այսօր ժողովուած ենք յատուկ յիշատակութեամբ մեր պատմութեան խորքէն մեզի հասած արժէքները պեղելու եւ ուշադրութեան առարկայ դարձնելու։ Այլ խօսքով, Աւարայրի դաշտին վրայ իրենց կեանքերը նուիրաբերած նահատակներուն զոհուելու պատրաստակամութեան եւ յանձնառութեան մղիչ արժէքները մերը դարձնելու եւ արմատաւորելու մեր մէջ։

Վերապատուելին հաստատեց, որ Վարդանանց պատերազմը չի պատկանիր միայն պատմութեան, այլ նաեւ մերօրեայ այն մարտահրաւէրներուն, մեր կեանքի կենցաղին, մեր հաւատքին եւ հայրենիքին հետ ունեցած կապուածութեան, որուն մէջ մեզ համախմբողը մեր հաւատքի հիմնաքար Յիսուս Քրիստոսն է։

Պօղոս Առաքեալի Բ. Կորնթացիներու նամակէն մէջբերում կատարելով (Բ.Կր 4.8-9), Վերապատուելին յայտնեց, թէ ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր ունինք դժուարութիւններ եւ նեղութիւններ, որոնց կրնանք յաղթահարել Քրիստոսը ունենալով մեր կեանքին մէջ։ 

Եզրափակելով, ան յայտնեց, թէ Վարդանանց հերոսամարտը կու գայ մեզի յիշեցնելու, որ մահէն ետք կայ յարութիւն, դժուարութիւններէն եւ հալածանքներէն ետք կայ կեանք եւ ա՛լ աւելի կեանք։

Ան մաղթեց, որ Վարդանանց պատերազմը մեզի համար կոչ ըլլայ աշխատելու, միաւորուելու եւ միասնաբար Աստուծոյ առաջնորդութեամբ տեսնելու գալիքը՝ աւելի պայծառ եւ աստուածային օրհնութեան լի։

Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան իր պատգամին մէջ պատկերացուց Աւարայրի դաշտին տեսարանը, որ ինքնին սրբապատկեր մըն է, որ մեզի կը յիշեցնէ Պօղոս առաքեալի եփեսացիներուն ուղղած նամակը, ուր կը խօսի հոգեւոր պատերազմի մասին, որ տեսանելի չէ եւ որուն համար անհրաժեշտ են հինգ զէնքեր.-

Ա. Փրկութեան սաղաւարտը 

Բ. Հաւատքի վահանը

Գ. Հոգիին սուրը

Դ. Արդարութեան զրահը

Ե. Խաղաղութեան կօշիկները։

Ան հրաւիրեց ներկաները վերոյիշեալ հոգեւոր զէնքերը գործածելու, որպէսզի պահենք հայուն հաւատքը, հայ ընտանիքներու սրբութիւնը, հայուն պատիւը, լեզուն, եկեղեցին, դպրոցը եւ աւանդութիւնները։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան իր պատգամին մէջ յայտնեց, թէ հայրենիքը, որ մեր ինքնութիւնն ու ազգային դիմագիծը կը բացայայտէ եւ կրօնքն ու հաւատքը, որ յաւիտենական ինքնութիւնն ու էութիւնը կը բացայայտէ, երկուքն ալ Աստուծոյ կողմէ տրուեցան եւ միայն Աստուած ճանչցող մարդը կրնայ ճշմարտապէս արժեւորել եւ իր արեան գինով նաեւ զայն սրբագործել։ Հետեւաբար, երկու արժէքներուն նկատմամբ հաւատարմութիւնն է, որ կրնայ մեզ մղել ի գին արեան պաշտպանելու զանոնք՝ միացնող զօրութիւն ունենալով Յիսուս Քրիստոսը։

Սրբազան հայրը աղօթեց, որ անցեալին մէջ չմնայ Վարդանանց ճակատամարտի ներքին զօրութիւնը, պատգամը, այլ ամէնօրեայ տագնապի վերածուի եւ Վարդանանց մէջ ներգործող Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը, հաւատքի եւ ճանաչողութեան գիտակցութիւնը մեր ամէնօրեայ կեանքին խթան դառնայ եւ մեր ձեռքէն բռնած մեր քայլերը առաջնորդէ դժուարութիւններուն եւ չարին դիմաց հոգեւոր պայքար մղելու, որպէսզի կարենանք աստուածային զօրութեամբ սպառազինուած, Սրբոց Վարդանանց եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց ոգիով թրծուած եւ զօրացած՝ պատերազմը մղել եւ յաղթական դուրս գալ՝ Աստուծոյ փառքին, մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան, ժողովուրդի բարօրութեան եւ ողջ աշխարհի խաղաղութեան համար։

Սրբազան Հայրը իր խօսքի աւարտին գնահատեց գեղարուեստական յայտագիրի բոլոր մասնակիցները եւ ձեռնարկը կազմակերպող յանձնախումբը:

Տօնակատարութիւնը իր աւարտին հասաւ «Տէրունական Աղօթք»-ով, հայ երեք համայնքապետերու օրհնութեան աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։