Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց կը ծրագրէ 13 հոկտեմբերին այցելել Եգիպտոս՝ մասնակցելու Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի մասին համաձայնագիրի ստորագրման արարողութեան։ Այս մասին հաղորդած է Bild։
Bild-ի տեղեկութիւններով՝ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Շարմ ալ Շէյխի մէջ, այլ ոչ թէ Գահիրէի, քանի որ եգիպտացիներն ու ամերիկացիները կրնան այնտեղ աւելի լաւ անվտանգութիւն ապահովել։
Մերցէն բացի, Եգիպտոս պիտի ժամանեն նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնի:
Bild-ի հաղորդմամբ՝ դեռ պարզ չէ, եթէ պիտի միանայ անոնց Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն, թէ՞ ոչ: