Եմէնի իշխանութիւնները 90 օրով արտակարգ դրութիւն եւ 72-ժամեայ շրջափակում յայտարարած է ամբողջ երկրին մէջ։ Բացի այդ, երկրի իշխանութիւններն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ուժերէն պահանջած են 24 ժամուան ընթացքին դուրս գալ Եմէնի տարածքէն։ Այս մասին հաղորդած է Al Arabiya-ն։
Ըստ հրապարակման՝ Եմէնի նախագահական կառավարման խորհուրդի նախագահ Ռաշատ ալ-Ալիմին յայտարարած է 72-ժամով օդային, ցամաքային եւ ծովային շրջափակման մասին Եմէն մուտք գործելու բոլոր կէտերուն մէջ, ինչպէս նաեւ 90 օրով սահմանած է արտակարգ դրութեան ռեժիմ, որ կրնայ երկարաձգուիլ։
Կառավարութիւնը նաեւ պահանջած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բոլոր ուժերու դուրսբերումը երկրէն 24 ժամուան ընթացքին՝ նշելով, որ Եմէնը չի կրնար դիմակայել նոր ճակատներու բացման։
«Մենք զօրաւոր ենք Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած դաշինքի աջակցութեան շնորհիւ», -աւելցուցած է ան։
Սէուտական Արաբիան դեկտեմբեր 30-ի վաղ առաւօտեան հարուածներ հասցուցած է Եմէնի ալ-Մուքալա նաւահանգստային քաղաքին՝ թիրախաւորելով Ֆուճէյրայէն (ԱՄԷ) ժամանած երկու նաւ, որոնք «մեծ քանակութեամբ զէնք ու մարտական մեքենաներ» կը տեղափոխէին Հարաւային անցումային խորհուրդի (ՀԱԽ) ուժերուն, որոնց կ՚աջակցի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները։
Դեկտեմբերին Հարաւային անցումային խորհուրդը իր վերահսկողութեան տակ վերցուցած է երկրի հարաւը գտնուող երկու նահանգները, որոնք մինչ այդ կը կառավարուէին միջազգայնօրէն ճանչցուած Եմէնի կառավարութեան կողմէ։ Աւելի ուշ Հարաւային անցումային խորհուրդի ղեկավար Այտարուս Քասեմ Ապտուլ Ազիզ ալ-Զուպէյտին յայտարարած է, որ այժմ ժամանակն է անցնելու երկրի հիւսիսը, այդ շարքին՝ մայրաքաղաք Սանան վերահսկող հուսիներու դէմ գործողութեան։
Հարաւային անցումային խորհուրդը հանդէս կու գայ, այդ շարքին, Եմէնի հարաւային շրջաններու անջատման օգտին։
Եմէնի մէջ հակամարտութիւնն սկսած է 2014 թուականին։ Այն ժամանակ հուսիները, որոնց կ՚աջակցի Իրանը, գրաւեցին երկրի մայրաքաղաք Սանան եւ Եմէնի հիւսիսի մեծ մասը։ Արաբական դաշինքը, որ 2015 թուականին միջամտած է հակամարտութեան, կ՚աջակցի Եմէնի կառավարական զօրքերուն։ Ատոր հետ մէկտեղ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, որ կը վարժէ եւ կը ֆինանսաւորէ Հարաւային անցումային խորհուրդի հովանիի տակ գտնուող խմբաւորումները, նոյնպէս կը մտնէ դաշինքի մէջ։