image
Հրատապ լուրեր:

Խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն ետք Ուքրանիոյ մէջ կրնան տեղակայուիլ «զսպող nւժեր». Մաքրոն

Խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն ետք Ուքրանիոյ մէջ կրնան տեղակայուիլ «զսպող nւժեր». Մաքրոն

Խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն ետք, բայց ոչ պատերազմի ընթացքին, Ուքրանիոյ մէջ կրնան տեղակայուիլ «զսպող ուժեր»։ Այս ստորաբաժանումները պիտի տեղակայուին առաջնագիծէն հեռու՝ այնպիսի քաղաքներու մէջ, ինչպիսիք են՝ Քիեւը կամ Օտեսան, յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը։

Անոր խօսքով՝ առաքելութեան պիտի մասնակցին Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ զինուորականներ։ Անոնց խնդիրները պիտի ըլլան ուքրանական զօրքերը մարզելը եւ անվտանգութիւնն ապահովելը` նոյն կերպ, ինչպէս ՆԱԹՕ-ի երկիրները կ՚աջակցին Դաշինքի արեւելեան թեւին մէջ գտնուող պետութիւններուն։

Մաքրոն շեշտած է, որ սա միջկառավարական դաշինք է, այլ ոչ թէ ՆԱԹՕ-ի գլխաւորած առաքելութիւն, եւ որ մօտ 20 երկիր պատրաստ է մասնակցելու ցամաքին, ծովուն կամ օդին մէջ։