Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը Ֆլորիտայի իր Մար-ա-Լակո կալուածին մէջ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ կրնայ անգամ մը եւս լուրջ հարուած հասցնել Իրանին, եթէ ան վերսկսի իր պալիսթիք հրթիռներու եւ միջուկային զէնքերու մշակման ծրագիրը։
Թրամփ նաեւ նախազգուշացուցած է, որ «Համաս»-ը լուրջ հետեւանքներու պիտի բախի, եթէ չզինաթափուի։ Այս մասին հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը։
Թրամփ յայտարարած է, որ Իրանը, թերեւս, կ՚աշխատի իր զէնքերու ծրագիրները վերականգնելու ուղղութեամբ յունիսին իրանեան միջուկային կառոյցներուն Միացեալ Նահանգներու զանգուածային հարուածներէն ետք։
«Ես կարդացել եմ, որ նրանք զէնքեր եւ այլ բաներ են կառուցում, եւ եթէ դա այդպէս է, ապա նրանք չեն օգտագործում մեր ոչնչացրած օբյեկտները, գուցէ՝ այլ օբյեկտներ։ Մենք յստակ գիտենք, թէ ինչ ուղղութեամբ են նրանք գնում, ինչ են անում, եւ յոյս ունեմ, որ նրանք դա չեն անում, որովհետեւ մենք չենք ցանկանում վառելիք ծախսել B-2-ի (խմբ.՝ ամերիկեան ռմբակոծիչ) համար։ Դա 37-ժամեայ ճանապարհ է երկու ուղղութեամբ։ Ես չեմ ուզում շատ վառելիք ծախսել», - նշած է Թրամփ հանդիպումէն ետք կայացած մամլոյ ասուլիսին։
Ան աւելցուցած է, որ եթէ Իրանը պիտի վերակառուցէ իր ծրագիրը, ապա Ուաշինկթընը ստիպուած պիտի ըլլայ ոչնչացնել զանոնք:
Թրամփ նաեւ յայտնած է, որ Նանթանիահուի հետ բանակցութիւններուն մէջ կեդրոնացած են նաեւ Կազայի հատուածին մէջ խաղաղութեան համաձայնագրի վրայ։ Միացեալ Նահանգներու նախագահը նշած է, որ կ՚ուզէ անցնիլ Իսրայէլի եւ պաղեստինեան «Համաս» շարժման միջեւ հոկտեմբերին ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնագրի երկրորդ փուլին։
Կողմերը զիրար կը մեղադրեն հրադադարը խախտելու համար եւ դեռ չեն անցած համաձայնագրի յաջորդ փուլին, որով կը պահանջուի «Համաս»-ի զինաթափումը եւ իսրայէլեան զօրքերու ետքաշումը։
Թրամփ սպառնացած է «Համաս»-ին լուրջ հետեւանքներով, եթէ շարժումը չզինաթափուի։
«Անոնք շատ ծանր գին պիտի վճարեն», -ըսած է ան։
Միեւնոյն ժամանակ, հակառակ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ լարուած յարաբերութիւններուն, Նաթանիահուի հետ հանդիպումէն առաջ Թրամփ լրագրողներուն յայտնած էր, որ դէմ չէ Կազայի հատուածին մէջ թուրք խաղաղապահներու տեղակայման։