image

Հայրական եւ օրհնաբեր. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ այցելեց՝ Ազգային Բուժարան

 Հայրական եւ օրհնաբեր. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ այցելեց՝ Ազգային Բուժարան

Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ իր բնոյթին մէջ հայրական եւ էութեամբ օրհնաբեր այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի Ազգային Բուժարանը, որ կը գտնուի «Ազունիէ» շրջանին մէջ։ 

 

Ատոր մասին «Արեւելք» իմացաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը ՝ 

Աւանդութիւն է, որ նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիսութեան հովանին վայելող հաստատութիւնները: Այս ծիրին մէջ, Ազունիէի ազգային բուժարանի այցելութիւնը իւրայատուկ է, որովհետեւ անիկա հայրապետական ըլլալուն զուգահեռ նաե՛ւ հայրական է։ Վեհափառ Հայրապետը ազգային բուժարանին մէջ ո՛չ միայն պատասխանատու մարմիններուն հետ կը տեսակցի, այլ նաեւ մտերմիկ ժամանակ կ՚անցընէ բուժարանի բնակիչներուն հետ, որոնք առիթը կը վերածեն Հայրապետին հետ հայկական մշակոյթը ապրելու անմոռանալի պահի՝ երգերով, արտասանութիւններով ու աղօթքներով:

Արդարեւ, Երեքշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Արամ Ա. Հայրապետը, խումբ մը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, այցելեց բուժարան, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէն Տաճատ Սրապեանի, խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանի եւ հոգաբարձութեան ու տիկնաց յանձնախումբի անդամներուն կողմէ։

Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր օրհնութեան խօսքը ուղղելով՝ առաջին հերթին գնահատեց հոն տարուող առաքելութիւնը՝ յիշեցնելով, որ, ինչպէս հաստատութեան անունը կը յուշէ, ազգային տուն է բուժարանը եւ կը պատկանի ազգին, ուստի անոր բնակիչներուն հոգատարութիւնը կը տարուի ազգին կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ խրախուսեց մեր մամիկներն ու պապիկները, որպէսզի մնան ամուր ու կորովալի՝ ընդգծելով, որ անոնք առանձին չեն, այլ մենք՝ բոլորս անոնց կողքին ենք: Վերջապէս, Նորին Սրբութիւնը աղօթեց, որ Աստուած քաջառողջութիւն ու խաղաղութիւն պարգեւէ անոնց։

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Սուրբ Ծննդեան տնօրհնէք կատարուեցաւ՝ ներկաներուն մասնակցութեամբ։