Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը հերթական անգամ անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճնի միջեւ Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ խաղաղութեան վերաբերեալ համատեղ հռչակագրի ընդունման՝ յիշեցնելով նաեւ թեմայի շուրջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ զրոյցը։
Այս մասին Սպիտակ տան տարածած համապատասխան տեսանիւթին մէջ Տանըլտ Թրամփը խօսած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ հանդիպման ժամանակ՝ շեշտելով, որ միայն ինք կրցած է այդքան արագօրէն լուծել տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող հակամարտութիւնը Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։
«Անոնք (խմբ․՝ նկատի ունի Հայաստանն ու Ատրպէյճանը) 35 տարի կը պատերազմէին։ Փութինը ինծի ըսաւ, որ չի հաւատար, որ ես կարգաւորեր եմ այդ պատերազմը, քանի որ ինքը՝ Փութինը, փորձած է ընել այդ 10 տարի, իսկ ես կարգաւորեցի այն տառացիօրէն մէկ օրուան մէջ»,-ըսած է Թրամփը։