Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Մակար Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալած է Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հալէպի Առաջնորդ Աֆրամ Մաալուլի եպիսկոպոսը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Ուրբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հալէպի Առաջնորդ Աֆրամ Մաալուլի եպիսկոպոսը։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։
Եղբայրական սիրոյ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ ընդհանուր երեւոյթներու, եկեղեցիները յուզող հարցերու եւ ընդհանրապէս մեր առօրեան տագնապեցնող մարտահրաւէրներուն մասին