image
Հրատապ լուրեր:

Տուշանպէի գագաթը աւարտեցաւ. Հայ-ատրպէյճանեան օրակարգը սեղանի վրայ էր

Տուշանպէի գագաթը աւարտեցաւ. Հայ-ատրպէյճանեան  օրակարգը սեղանի վրայ էր

Տուշանպէի մէջ աւարտած է Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:

Արտաքին գերատեսչութիւնների ղեկավարները քննարկած են կազմակերպութեան շրջանակին մէջ համագործակցութեան զարգացումը, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի հարցերու շուրջ:

Ինչպէս ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, ԱՊՀ արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման հարցը, Պաքուի եւ Երեւանի ներկայացուցիչները բարձր գնահատած են «Ռուսիոյ Դաշնութեան կարեւոր նախաձեռնողական դերը» ճգնաժամի կարգաւորման գործին մէջ: