Փաքիստանի նախագահ Ասիֆ Ալի Զարտարին Տուպայի օդակայանին մէջ օդանաւէն իջնելու ժամանակ կոտրած է ոտքը, յայտնած է Dawn հեռուստաալիքը։
Հիւանդանոցին մէջ Զարտարիի ոտքին ճիպսէ սպեղանի դրած են, որ ան պէտք է կրէ չորս շաբաթ, որմէ ետք 69-ամեայ նախագահը տուն ուղարկած են եւ խորհուրդ տուած հանգստանալ։
Վերջին տարիներուն, ինչպէս հաղորդած է հեռուստաալիքը, նախագահը բազմաթիւ առողջական խնդիրներու բախած է։