Վրէժի կեանքը վաւերագրելու ընթացքին Սարին Հայրապետեան շատ անգամ երկար ժամանակ բնակած է Արցախի մէջ, Վրէժի առօրեայով ապրած է, որպէսզի աւելի լաւ պատկերացնէ մանկական աշխարհի ապրումները եւ մա՛նաւանդ ապրումները այն մանուկին, որ պատերազմ կը տեսնէ:
Անցեալ տարուան աւարտին բեմադրիչը աշխարհ բերած է զաւակ մը, զոր կոչած է Ջիւան։ Հետեւաբար, անոր մայրութեան զգացումներն ալ գումարուած են բեմադրիչի ապրած տառապանքին: Սարին շարժանկարը նկարահանելու պատմութիւնը նամակի ձեւով պատմած է իր նորածին որդիին՝ Ջիւանին: Այս նամակը տպագրուած է անգլերէնով եւ տարածուած՝ արուեստի «Թոք հաուզ» հարթակի միջոցով:
«Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը, ինչպէս միշտ, այս տարի նոյնպէս հարուստ է ուշագրաւ ժապաւէններով:
Արդէն 21 տարիէ ի վեր միջազգային շարժանկարի աշխարհի մէկ հատուածին ուշադրութիւնը բեւռացուած կ՚ըլլայ Հայաստանի վրայ, ուր հայկական ծիրանի հասուննալու եղանակին խորհրդանշանական անուանումով այս փառատօնը արուեստի տօն կը պարգեւէ՝ օդը լեցնելով շարժանկարային սրահներէն լսուող խորհրդաւոր լոյսերով եւ ձայներով:
Օտար բեմադրիչներու ստեղծագործութիւններու կողքին միշտ ուշադրութիւն կը գրաւեն հայ բեմադրիչներու նկարահանած գործերը: Այս տարուան ծրագրին մէջ ներառուած է հինգ հայկական վաւերագրական ժապաւէն: Այդ հինգէն չորսը Արցախի պատերազմի մասին է, իսկ մէկը՝ Արամազդ Գալայճեանի եւ Գարեգին Պապոյեանի «Թեզետա» անունով շարժանկարն է, որ կը պատմէ երաժիշտ Գէորգ Նալպանտեանի մասին, որ տասնեակ հայ որբերու հետ եթովպական կայսրի հրաւէրով կ՚երթայ Ատիս Ապապա եւ կը ստեղծէ կայսերական նուագախումբ։
Պատերազմի մասին շարժանկարները մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին՝ մինչ ցուցադրութիւնը, անոնց մասին խօսուեցաւ, գրուեցաւ, այդ շարժանկարները մինչ հայկական այս փառատօնը արտասահմանի մէջ մասնակցեցան փառատօներու եւ մրցանակներ շահեցան:
Հայկական հինգ շարժանկարներէն մէկը ծագումով Յորդանանէն եւ այժմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած բեմադրիչ Սարին Հայրապետեանի «Տունս քաղցր է» վաւերագրական ժապաւէնն է (երկրորդ խորագրով՝ «Իմ քաղցր երկիր»): Մինչեւ «Ոսկէ ծիրան»ին ցուցադրուիլը՝ այս շարժանկարը արդէն ցուցադրուած է Շեֆիլտի վաւերագրական շարժանկարներու հեղինակաւոր փառատօնի ընթացքին (Մեծն Բրիտանիա), Ամմանի շարժանկարի միջազգային փառատօնին եւ հայաստանեան առաջին ցուցադրութիւնն ալ տեղի ունեցաւ «Ոսկէ ծիրան»ին:
Սարին Հայրապետեան վաւերագրող բեմադրիչ մըն է, որ կը պատմէ ընդհանրապէս այն մարդոց եւ վայրերու մասին, որոնք յաճախ աննկատ եւ չլսուած կը մնան: Կը գործակցի մարդասիրական, խաղաղասիրական կազմակերպութիւններու հետ եւ կը ճամբորդէ երկրէ երկիր՝ գտնելու այդ պատմութիւնները եւ վաւերագրելու համար զանոնք: Մինչ այդ, ան նկարահանած է ամերիկացի վեթերան զինուորներու մասին, որոնք հոգեկան ճնշում ապրած են պատերազմէն ետք եւ այդ ցաւը մնացած է ամբողջ կեանքի ընթացքին: Ան ունի նաեւ բազմաթիւ այլ ուշագրաւ վաւերագրական ժապաւէններ։
«Ոսկէ ծիրան»ին ներկայացուած անոր շարժանկարը Արցախի մասին է: Կը թուի, թէ հայութեան մակարդակով ամէն մարդ գիտէ Արցախի եւ արցախեան խնդրի մասին, սակայն աշխարհին մէջ շատ են այս հարցին մասին անտեղեակները կամ սխալ պատկերացում ունեցողները: Բեմադրիչը ջանացած է շարժանկարի եւ մանաւանդ փառատօներու միջոցով աշխարհին լսելի դարձնել Արցախի մասին: Բացի քաղաքական խնդիրէն՝ ցաւալի է մանաւանդ իրենց տուները ստիպողաբար լքած հարիւր հազարաւոր արցախցիներու ճակատագիրը: Այս մէկը անընդունելի եղելութիւն մըն է, որ միջազգային որեւէ մէկ օրէնքով չի բացատրուիր: Իրենք՝ արցախցիներն ալ, մինչեւ հիմա չեն հաւատար, թէ ինչպէ՛ս ձգած են իրենց պապենական տուները, ունեցուածքը եւ բռնած՝ գաղթականի ցուպը: Անոնց մեծ մասը այսօր Հայաստան մէջ է, ոմանք ուրիշ երկիրներ են, թէեւ որքան ալ իրենց ապրելու պայմանները լաւ ըլլան, անոնք միշտ կ՚ըսեն՝ «Տունս քաղցր է»:
Այդպէս անուանած է Սարին Հայրապետան իր շարժանկարը, որ արցախցի պատանեակի մը կեանքի պատմութիւնն է: Մէկ հոգիի պատմութեան միջոցով բեմադրիչը ջանացած է ցոյց տալ քանի մը սերունդի կեանք:
Արցախի մէջ նոյն պատերազմի զանազան փուլեր ապրած են քանի մը սերունդ եւ անոնց համար այդ պատերազմը տակաւին չէ վերջացած: Տասնմէկ տարեկան Վրէժը՝ շարժանկարի հերոսը, կ՚ապրէր Արցախի գեղատեսիլ գիւղերէն մէկուն մէջ՝ վայրի բադերու ու ոսկեթեւ մեղուներու հետ: Ան ունէր իր երազանքները, մանկական զուարճութիւնները, սակայն կեանքը ստիպած է ժամանակէն առաջ հասուննալ եւ այդ մէկը վառ կերպով կ՚երեւի շարժանկարին մէջ:
Վրէժը կ՚երազէր ատամնաբոյժ դառնալ, բայց անոր կեանքը շեշտակի կերպով կը փոխուի, երբ պատերազմը կը վերսկսի. ան ստիպուած 2020 թուականին իր ընտանիքին հետ կը հեռանայ Արցախէն:
Վրէժի այս պատմութեան միջոցով բեմադրիչը կը պատմէ իրենց տուներէն հեռացած հարիւր հազարաւոր երեխաներու կեանքը. երեխաները յատկապէս ծանր կ՚ապրին եղելութիւնը, քանի որ մանկութեան անուշ թելով մը կապուած են իրենց տուներուն, բակերուն, խաղերուն, դաշտերուն…
Վրէժի կեանքը վաւերագրելու ընթացքին Սարին Հայրապետեան շատ անգամ երկար ժամանակ բնակած է Արցախի մէջ, Վրէժի առօրեայով ապրած է, որպէսզի աւելի լաւ պատկերացնէ մանկական աշխարհի ապրումները եւ մա՛նաւանդ ապրումները այն մանուկին, որ պատերազմ կը տեսնէ:
Անցեալ տարուան աւարտին բեմադրիչը աշխարհ բերած է զաւակ մը, զոր կոչած է Ջիւան։ Հետեւաբար, անոր մայրութեան զգացումներն ալ գումարուած են բեմադրիչի ապրած տառապանքին: Սարին շարժանկարը նկարահանելու պատմութիւնը նամակի ձեւով պատմած է իր նորածին որդիին՝ Ջիւանին: Այս նամակը տպագրուած է անգլերէնով եւ տարածուած՝ արուեստի «Թոք հաուզ» հարթակի միջոցով:
ՆԱՄԱԿ ԻՄ ԱՆՈՒՇ ՏՂԱՅԻՆ
ՍԱՐԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ
2023 թուականի Սուրբ Ծննդեան նախօրէին՝ ժամը 19.30-ին, երկունքի ցաւերս սկսան, կծկումներս շատցան: Քու հայրիկիդ ու մեծ մօրդ հետ միասին Պրուքլինէն սլացանք դէպի Նիւ Եորքի քաղաքային հիւանդանոցը: Սովորաբար փողոցները աշխոյժ կ՚ըլլային, բայց այդ ժամուն պարապ էին, միայն պատուհաններէն մոմերու լոյսերու փայլը կ՚երեւար, եւ յստակ էր, որ այդ լոյսերու ներքոյ ընտանիքները հաւաքուած էին՝ տօնելու Սուրբ Ծնունդը: Նիւ Եորքի Սուրբ Ծննդեան շքեղ զարդարանքները մշուշի մէջ մնացին պատուհաններուն քով, մինչդեռ օդը լեցուեցաւ աւետիսներ երգող մանուկներու հեռաւոր արձագանգով: Տեսարանը նման էր շարժապատկերի, եւ ինքնաշարժի մեր վարիչը ինքնաշարժը փութով կը վարէր գետնուղիներով եւ նեղլիկ ծառուղիներով, որպէսզի դուն՝ տղաս, յանկարծ ինքնաշարժին մէջ չծնիս: Կծկումներն ու ցաւը ամէն 45 երկվայրկեանը մէկ կ՚ըլլային եւ կը յուշէին, որ շուտով պիտի գաս:
Տասնվեց ժամ յետոյ՝ Սուրբ Ծննդեան օրը, ծնար դուն՝ փոքրիկ Ջիւանը:
Դուն մեր լոյսն ես, դուն շարունակութիւնն ես հայերու եւ պաղեստինցիներու սերունդներու, որոնք իրենց կեանքը ապրած են ներդաշնակօրէն, գեղեցիկ ու քրտնաջան՝ հակառակ դժուարութիւններուն եւ վայրագութիւններուն, որոնց միջով ստիպուած եղած են անցնիլ: Կու գայ այդ օրը եւ ես քեզի համար կը գծեմ մեր տոհմածառը ու կը պատմեմ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի պատմութիւնը, որոնց բախտն ունեցած եմ հանդիպելու: Դուն կը զարմանաս, թէ քեզմէ առաջ ի՜նչ զգայուն եւ միաժամանակ տոկուն մարդոց պատմութիւններ եղած են: Ես վստահ եմ, որ անոնց պատմութիւնները կամաց-կամաց կը փոխանցուին քեզի՝ զանազան ձեւերով, երկար տարիներու ընթացքին:
Քու նախնիներուդ պատմութիւններու մէջ թելի պէս կ՚անցնի ընդհանուր մէկ բան եւ ատիկա ջուրն է:
Քու մեծ մօր մայրը՝ Էմիլին, Պաղեստինի Եաֆայէն էր եւ 1948 թուականին փախստական դարձաւ՝ Յորդանան անցնելով: Քու մեծ հօր հայրն ալ՝ Վարուժը, ծնած է Եաֆա, երբ անոր ծնողքը վտարուած են Վան քաղաքէն: Այս ալիքները տարածուեցան բոլոր մեծ մօրաքոյրներու, հօրեղբայրներու եւ անոնց երեխաներու վրայ, որոնք ցրուեցան Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի մէջ եւ այլ տեղեր:
Ես երբեմն կը խորհիմ, որ թերեւս Վանայ լիճին անդորրն ու Միջերկրական ծովի ալիքներն են, որոնք անոնց սիրտերը այդքան մեծ, այդքան լայն դարձուցած են, որպէսզի դիմանան պատերազմներու հրէշաւոր իրողութիւններուն եւ նորէն կառուցեն, վերապրին ու արարեն:
Եւ հիմա կաս դուն, իբրեւ աքսորի ջուրերու ստեղծագործութիւն: Բայց եւ այնպէս, նոյն տեսարանները կը կրկնուին նաեւ այսօր, նոյն ժողովուրդի հետ, որուն կը պատկանին քու նախնիք: Բացառութիւն մը կայ սակայն՝ այսօր ջուրը արդէն անցեալի յիշողութիւն է, եւ մնացած են հողն ու անոր ժողովուրդը, որ մաքառումի ելած է իր արժանապատութեան եւ ինքնորոշման համար:
Շրջանը կը դառնայ, կը գծուին եւ կը վերագծուին քարտէսները եւ այդ ընթացքին ճնշումն ու ցաւը կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ: Այդ ամէնի մէջ ամենատուժողը խոցելի խաւերն են:
Այս պատճառով է, որ ես նկարեցի «Տունս քաղցր է» շարժանկարը, որպէսզի պատմեմ պատմութիւնը տասնմէկ տարեկան Վրէժի, որ կը մեծնար Արցախի մէջ: Արցախը աշխարհաքաղաքական հարցերու այնպիսի նուրբ ցանց մըն է, ուր ցանկացած պահի կրնար պատերազմ բռնկիլ:
Վրէժին ես հանդիպեցայ 2018 թուականին ու սկսայ նկարահանել՝ վաւերագրերով անոր մեծնալը թէ՛ խաղաղ ժամանակ, թէ՛ պատերազմի օրերուն, թէ՛ տեղահանումի ժամանակ, թէ՛ ետ իրենց տուն դառնալու ատեն եւ ի վերջոյ՝ տարագրութեան օրերուն: Այո՛, տարագրութեան։ Ձեւով մը մեր բոլոր պատմութիւնները այսպիսի աւարտ ունին:
Վրէժի պատմութիւնը պատմելու ընթացքին մենք կորսնցուցինք քու ապուպապիդ՝ Վարուժին, քու միւս մեծ մօր մայրիկը՝ Աննան ուղեղային կաթուած ստացաւ, եւ այդ ընթացքին էր, որ ես ամուսնացայ քու հօրդ՝ Ռաֆֆիին հետ… Իսկ 2023 թուականին Վրէժը կորսնցուց իր հայրենիքը: Երեք ամիս յետոյ դուն ծնար: Ամէն ինչ այնքան միահիւսուած էր իրարու՝ իմ կեանքս, շարժանկարը, պատերազմները, կորուստն ու քու ծնունդդ: Շատ տարիներ կ՚ուզեմ՝ այս ամէն ինչը ընկալելու, հասկնալու համար, եւ քեզի ուղղուած այս կարճ նամակը առաջին քայլն է, որ այդ ճանապարհին կ՚ընեմ: Կը ցաւիմ, որ այն, ինչ պիտի ըսեմ, այնքան ալ լուսաւոր չէ, բայց եթէ ձգես՝ քիչ մը թեթեւցնեմ զայն եւ պատմեմ, թէ ի՛նչ սորված եմ Վրէժէն՝ իր կեանքը նկարահանելու տարիներուն:
Ես սորվեցայ մանկութեան անմիջականութեան մասին. սորվեցայ թէ ինչպէս դուք՝ երեխաներդ, կը մարմնաւորէք մեր աշխարհի մասին հիմնական համընդհանուր ճշմարտութիւնները, որոնք մենք՝ մեծերս, մեր կեանքի մնացած ժամանակ կը փորձենք վերլուծել ու սահմանել: Այս իսկութիւնը հասկնալու համար իրական նուիրուածութիւն պէտք էր. եւ այդ նուիրուածութիւնը կը պահանջէր անթիւ ժամեր անցընել տեսախցիկի ետին՝ ապրիլ Վրէժի կեանքով, դպրոցի իր դասասենեակներուն մէջ, իր տունը, զբաղիլ իր ընկերներուն հետ: Միայն մէկ քայլ ետ կենալով, լուռ դիտելով ես կրցայ հասկնալ անոր ճշմարտութիւնը: Իրականութիւնը, հանգամանքները շատ բուռն էին, բայց ես խուսափեցայ խելայոյզ եւ զգայական շեշտերէն եւ փոխարէնը ընտրեցի նրբութիւնը: Այդ քաոսին մէջ ինծի համար ամենահետաքրքրականը այդ հանգիստ պահերն էին: Եւ այդ նուրբ դիտարկման միջոցով ես ջանացի պատկերել Վրէժի ճամբորդութիւնը, որ իրականութեան մէջ վերափոխման ուղի է՝ պատերազմէն աւերուած վայրերու մէջ մանկութեան բարդ աշխարհի մասին:
Այս ընթացքին միշտ կարեւոր էր հաւատարիմ մնալ Վրէժին եւ կեանքի հանդէպ իր հայեացքին: Կարեւոր էր լուրջ վերաբերուիլ անոր, փորձել անոր աչքերով տեսնել աշխարհն ու իր ապագան: Երբեմն ան կը խնդրէր ինձմէ՝ դադրեցնել նկարահանումը, երբեմն կը խնդրէր, որ բացատրեմ, թէ շարժանկարի վերջը ի՛նչ պիտի ըլլայ: Ես թէ՛ կը բացատրէի, թէ՛ ցոյց կու տայի:
Անգամ մը ես Վրէժը շարժանկարներու ցուցադրման սրահ տարի՝ մեծ պաստառի վրայ հայկական զուարճալի ժապաւէն մը դիտելու: Մենք բոհրած կորեկ կերանք, խնդացինք, յետոյ ընթրեցինք՝ արագ սնունդի պատառներով ու խօսեցանք շարժանկարին մասին: Իրեն համար այդ ամէն ինչը նորութիւն էր, բայց ան ունակ էր զանոնք ընկալելու եւ ինծի հետ կիսուելու: Այսինքն ան վստահեցաւ ինծի: Այս շարժանկարի հիմքին մէջ Վրէժի եւ անոր ընտանիքի հետ երկար տարիներու նկարահանումներու ընթացքին ստեղծած իմ յարաբերութիւններս են ու ձեռք ձգած վստահութիւնս:
2022 թուականի ամրան որոշեցինք, որ ժամանակն է կարգաւորելու սկսիլ նկարահանուածները, ինչ որ ինքնին երկար ու բարդ աշխատանք մըն է: Ես կը ճամբորդէի Ֆրանսա՝ մէկուկէս տարի աշխատելով իմ ֆրանսացի խմբագրին հետ: Հակառակ որ Փարիզ էի՝ աշխարհի ամենահիասքանչ քաղաքներէն մէկուն մէջ, բայց ես օրերուս մեծ մասը գոցուած էի համակարգչային սենեակին մէջ՝ աչքերս սեւեռած համակարգիչներու պաստառներուն եւ մտովի կը փոխադրուէի Արցախ, կը դասաւորէի Վրէժի պատմութեան բարդ խճանկարը կազմող տեսարանները: Երբեմն կը թուար, թէ մխրճուած մնացած են անցեալի օրերուն մէջ:
Օր մը, երբ աւարտեցաւ պատկերները կապելու, համադրելու մեր աշխատանքը, հեռաձայնեցի Վրէժին եւ ապշած մնացի անոր ձայնի փոփոխութենէն, որ այնքա՜ն երեւելի էր: Ան կը մեծնար, իսկ ես տակաւին համակարգչային սենեակին մէջն էի… 2023 թուականն էր, այն տարին, երբ մեծ մարտակոչեր եղան, քանի որ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը խանգարեց, որ ես կրկին Արցախ դառնամ, եւ ատիկա նաեւ այն տարին էր, որ ես յղացայ քեզմով…
Հակառակ ֆիզիքապէս մենք հեռու էինք, բայց մեր կապը զօրաւոր մնաց, քանի որ նաեւ ոգեշնչուած էինք կրկին միաւորուելու հեռանկարով եւ այն յոյսով, որ նաեւ քեզի՝ իմ տակաւին չծնած զաւկիս կը ծանօթացնեմ այն հողի ու մարդոց հետ, որոնք զիս այնպէ՜ս սիրելի դարձած էին:
Արդէն կռահեցիր թերեւս, որ այդ պահուն Վրէժն ու իր ընտանիքը հոգեհարազատ դարձած էին: Անոնք զիս իրենց կեանքէն ներս առին՝ իրենց համար ալ ամենածանր ժամանակներուն, եւ այդ մէկը անխզելի կապ մը ստեղծեց:
Շուտով դուն hայկական եկեղեցիի մէջ, մեր աւանդոյթով, կը մկրտուիս եւ քրիստոնեայ կը դառնաս: Անկեղծ ըսած՝ ես ամենանուիրեալ հաւատացեալը չեմ… Բայց կայ բան մը, որուն ես կը հաւատամ՝ ատիկա բարութիւնն է եւ այն ուժը, որ մենք իրարու կու տանք եւ իրարմէ կ՚առնենք՝ զիրար ոգեշնչելու, զիրար զօրացնելու, ապահով, պաշտպանուած զգալու եւ ամենակարեւորը՝ հասկցուած ըլլալու համար: Ահա թէ ինչու քեզի ուղղուած այս նամակին մէջ ես նաեւ հարցում կու տամ Վրէժին (ան հիմա տասնհինգ տարեկան է եւ շուտով կը կարդայ այս նամակը) ու կը խնդրեմ, որ մկրտութեան օրը դառնայ քու կնքահայրդ:
Այս փորձառութիւնը, այս շարժանկարը ու մեր կեանքը շրջան մըն է, որու վերաբերեալ ես կը զգամ, թէ ատիկա ամենաբնական կապն է, ինչ որ կ՚եզրափակէ շարժանկարին արտադրութիւնը ու բոլորիս դրական ուժ, լոյսի եւ խաղաղութեան աւելի պայծառ օրեր կը բերէ:
Ջիվա՛նս, դուն իմ անուշ որդին ես, իսկ Արցախը՝ մեր անուշ հողը: Յոյսով եմ նաեւ, որ օր մը կը սորվեցնեմ քեզի սիրել վայր մը, ինչպէս Վրէժն ու իր ընտանիքը կը սիրէին իրենց երկիրը: Այդպէս մեր նախնիները կը սիրէին իրենց ջուրերը... Բայց յոյսով եմ, որ կը կարողանամ սորվեցնել քեզ այդ ամէնը՝ քու եւ ողջ մարդկութեան գլխուն վերեւ խաղաղ երկինք ունենալով:
Յ.Գ. Այս ամէն ինչէն բան մը չէր ելլեր ուզածիս պէս, եթէ չըլլար քու հայրիկիդ՝ Ռաֆֆիի անսահման աջակցութիւնն ու սէրը:
Քեզ սիրող՝
Մայրիկ
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս