image

Ծայրայեղականներ մուտք գործած են «Ալ Աքսա»ի շրջափակ

Ծայրայեղականներ մուտք գործած են «Ալ Աքսա»ի շրջափակ

Հինգշաբթի առաւօտեան իսրայէլեան ոստիկանական ուժերը ներխուժեցին «Ալ Աքսա» մզկիթ եւ տեղակայուեցան տարածքին մէջ` ապահովելու ներխուժման ճանապարհը դէպի մզկիթ:

Գրաւուած Երուսաղէմի մէջ «Մայատին»-ի թղթակիցը յայտնած է, որ  ոստիկանութիւնը մեծ քանակութեամբ ռազմական ուժեր տեղակայած է Պապ Ալ Սիլսիլայի եւ Հին քաղաքին մէջ:

Թղթակիցը նշած է, որ իսրայէլեան ուժերը փակած են Ալ Քիպլի աղօթասրահը Մուրապիթուններուն վրայ ռետինէ փամփուշտներով եւ ձայնային ռումբերով կրակելէ յետոյ, ցոյց տալով, որ ուժերը ձերբակալած են «Ալ Աքսա» մզկիթի բակերէն առնուազն մէկը, անոր վրայ յարձակելէ յետոյ:

Թղթակիցը յաւելեց, որ գիշերը կոչեր տարածուած են` զօրաշարժի ենթարկելու՝ պաշտպանելու «Ալ Աքսա» մզկիթը վերաբնակիչներու յարձակումներէն:

Մզկիթի տարածքի բակերուն մէջ տեղակայուեցան արագ միջամտութեան տարրեր եւ յատուկ ստորաբաժանումներ, որոնք պաղեստինցիները հեռու պահեցին վերաբնակիչներու ներխուժման ճանապարհէն եւ անոնց սադրիչ շրջագայութիւններէն բակերուն մէջ:

Առաւօտեան ժամը եօթին ոստիկանութիւնը բացած է Մուղրապի դարպասը վերաբնակիչներուն առջեւ, որոնք խումբերով ներխուժած են «Ալ Աքսա» մզկիթի բակերը:

«Ալ Աքսա» մզկիթի տնօրէն շէյխ Օմար Ալ Քիսուանին ըսած է, որ 5 վերաբնակիչ խումբեր ներխուժած են «Ալ Աքսա» մզկիթ, յաւելելով, որ այս ներխուժումները չեն փոխեր «Ալ Աքսա» մզկիթի իրականութիւնը: