image

Ծատրեան-Խալոյեան ընտանիքներու ուրախութիւնը. Հայրենադարձներու նոր երթիք մը՝ Երեւանի մէջ

 Ծատրեան-Խալոյեան  ընտանիքներու ուրախութիւնը. Հայրենադարձներու նոր երթիք մը՝ Երեւանի մէջ

 Հակառակ տիրող եւ բոլորիս յայտնի ոչ այնքան խանդավառող մթնոլորտին արմատներով Թեհրանէն՝ Արպի Ծատրեանը եւ Նարէ Խալոյեանը որոշած են իրենց ընտանեկան բոյնը կազմել Հայաստանի մէջ։

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ նորապսակ հարազատներէն։

 

 Ուշագրաւն այն է, որ նորապսակները ՝ երկուքն ալ բարձրագոյն ուսման տիրացած անհատներ են. Մինչ Արպին արդի ճարտարագիտութեան մասնագէտ է (IT ոլորտ) , իսկ Նարէն արտասահմանէն բարձր յիշատակութեամբ վկայուած ճարտարապետ է։

 

 Երեւոյթին ուշագրաւ ըլլալը կը պայմանաւորուի անով, որ անոնք երկուքն ալ կրնային շատ աւելի լաւ պայմաններով կեանք մը սկսիլ արտերկրի մէջ, բայց իրենց ջամբուած դաստիարակութեան եւ ոգիին հաւատալով որոշած են իրենց ընտանեկան օճախի դռները բանալ Երեւանի մէջ։

 

Թեհրանի մէջ ծնած, այնտեղ յոյս եւ հաւատք ստացած, դաստիարակուած երիտասարդներուն կը յղենք մեր բարեմաղթութիւնները այդ մաղթանքները յատկապէս հասցէագրելով նորահարսի հօրը՝ , «Արարատ» մարզական միութեան պատասխանատու եւ Հայաստանի մարզական կեանքին մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած Տիար Հէնրիկ Խալոյեանին։