Հայաստան – Երեւանի մէջ այսօր յետմիջօրէին Մաշտոց շրջանի ոստիկանութիւնը ահազանգ ստացած է տեղի ունեցած ոճիրի մը մասին: Իր բնակարանին մէջ սպաննուած գտնուած է «6-րդ Զգայարան» հաղորդման մասնակից Անի Մաջնունեանը: Նշենք, որ սպաննեալը 53 տարեկան էր: Դէպքին մասին յայտնելով Shamshyan. Com գրած է, թէ հաղորդավարի ն Մազմանեան 5 շրջանի մէջ գտնուած տունը եղած է տակնուվրայ վիճակի մը մէջ: Ոստիկանութիւնը յետաքննութիւն սկսած է դէպքին շուրջ: