Երկօրեայ այցով Հայաստան ժամանած Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանն այցելած է Երեւանի Կապոյտ մզկիթ եւ նամազ կատարած, յայտնած են իրանեան լրատուամիջոցները:
Նշենք, որ Երեւանի մէջ մեկնարկած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հանդիպումը:
Պաշտօնական դիմաւորման արարողութիւնը տեղի ունեցած է վարչապետի նստավայրին մէջ։
Փեզեշքիանը Հայաստան ժամանած է երէկ։ Մեկնելէ առաջ ան ըսած է, որ իր երեւանեան այցի հիմնական թեման պիտի ըլլայ Հիւսիս-Հարաւ փոխադրային միջանցքի քննարկումը։ Ան նաեւ նշած է, որ Արեւելք-Արեւմուտք երթուղին կրնայ դառնալ առեւտուրի կարեւոր հարթակ։
Իրանի նախագահը շեշտած է, որ պիտի քննարկուի Հայաստանի հետ ուժանիւթի, փոխադրութեան, ներդրումներու, առողջապահութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացման հարցը։
Մինչ այդ Փեզեշքիանն այցելած է Երեւանի Կապոյտ մզկիթ եւ նամազ կատարած: