Կարմիր եւ ճերմակ գինիներուն նուիրուած «Պրիւսէլի համաշխարհային մրցոյթը» առաջին անգամ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ՝ 2026 Մայիս 21–23։
Համաշխարհային այս կարեւոր իրադարձութեան պիտի մասնակցին աւելի քան 370 մասնագէտ համտեսողներ, 49 երկիրներէ, որոնք պիտի գնահատեն շուրջ 7.500 գինիի նմուշներ։
Սա նշանակալի երախտագիտութիւն մըն է 6.100 տարիէ աւելի գինեգործութեան պատմութիւն ունեցող մեր երկրին համար, որ վկայուած է նաեւ որպէս աշխարհի ամէնէն հին գինեգործատան տէր երկիրը, շնորհիւ Արենիի քարանձաւին մէջ (Վայոց Ձորի մարզ) կատարուած պեղումներուն յայտնաբերուած հնագիտական գանձերուն։
Հայաստան այսօր կը ներկայանայ նոր, ժամանակակից գինեգործատուներով, տեղական խաղողի տեսակներով, ինչպէս՝ Սեւ Արենի, Ոսկեհատ, Կանգուն, Յաղթանակ,– որոնք կը մշակուին 900-էն 1.800 մեթր բարձրութեան վրայ,– ինչպէս նաեւ արագ զարգացող գինեգործութեան զբօսաշրջութեամբ։
Այս հեղինակաւոր մրցոյթին համար Հայաստանի ընտրութիւնը վկայութիւնն է Երեւանի՝ գինեգործութեան ոլորտի խթանման եւ երկրի տնտեսական եւ զբօսաշրջային մարզի զարգացման ուղղուած ռազմավարական ջանքերուն։
Պրիւսէլի համաշխարհային մրցոյթը գինիի միջազգային հեղինակաւոր երեւոյթ մըն է, որ հիմնադրուած է 1994 թուականին. կը բաղկանայ երկու մասէ՝ նիստեր եւ ընտրութիւններ։ Ան կը ստանայ տարեկան 15.000-էն աւելի գինիի նմուշ, զորս կը գնահատէ բացառապէս արհեստավարժ համտեսողներու խումբի մը միջոցով, երաշխաւորելով «անտես ճաշակման» գործընթաց մը, որ կը կեդրոնանայ մի՛այն որակին վրայ։ Մրցոյթը համաշխարհայնօրէն ճանչցուած է իր խիստ չափանիշերով եւ աշխարհի լաւագոյն գինիները ընտրելու իր յանձնառութեամբ։