Իսրայէլ պատրաստ է աջակցելու Լիբանանի կառավարութեան՝ «Հըզպալլա» շարժումը զինաթափելու ջանքերուն, յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գրասենեակը։
«Լիբանանի կառավարութեան վերջերս ընդունած որոշումը՝ մինչեւ 2025 թուականի վերջը «Հըզպալլա»-ն զինաթափելու ուղղութեամբ աշխատանքներ տանելու վերաբերեալ, նշանակալի զարգացում է։ Այս կարեւոր զարգացման լոյսի ներքոյ Իսրայէլը պատրաստ է աջակցելու Լիբանանին «Հըզպալլա»-ն զինաթափելու անոր ջանքերուն, եւ՝ համատեղ աշխատելու՝ երկու երկիրներու համար աւելի անվտանգ եւ կայուն ապագայի հասնելու համար: Եթէ Լիբանանի զինուած ուժերը ձեռնարկեն անհրաժեշտ քայլեր «Հըզնալլա»-ն զինաթափելու համար, Իսրայէլ պիտի ձեռնարկէ պատասխան միջոցներ, այդ շարքին՝ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի ներկայութեան աստիճանական կրճատում Լիբանանի մէջ», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Գերատեսչութիւնը նշած է, որ Իսրայէլը «բարձր կը գնահատէ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած նշանակալի քայլը»։ «Այս որոշումը (Հըզպալլայի զինաթափման վերաբերեալ) հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ Լիբանանին վերականգնելու իր ինքնիշխանութիւնը, վերականգնելու պետական հիմնարկները, բանակը եւ կառավարման համակարգը», - շարունակած է գերատեսչութիւնը։
«Հիմա ժամանակն է, որ Իսրայէլն ու Լիբանանը առաջ շարժին համագործակցութեան ոգիով՝ կեդրոնանալով «Հըզպալլա»-ի զինաթափման եւ երկու երկիրներու մէջ կայունութեան ու բարգաւաճման խթանման ընդհանուր նպատակի վրայ», - եզրափակած է Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը։