Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տունէն ուղիղ եթերով C5+1 հանդիպման ժամանակ իր ելոյթին մէջ յիշատակած է Թրամփի միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ուղին (TRIPP):
«Ինչպէս այն ժամանակ ըսեր էի, այս պատմական համաձայնագիրը կը ներառէ նոր Թրամփի երթուղիի կառուցումը։ Սա իսկապէս հրաշալի բան է։ Այն անուանակոչուած է իմ պատուոյն, եւ ես շատ կը գնահատեմ այդ։ Սա իսկապէս մեծ իրադարձութիւն է՝ նոր Թրամփի երթուղին՝ միջազգային խաղաղութեան անունով», - յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Թրամփ նշած է, որ այդ ճանապարհն այժմ կը կառուցուի եւ կ՚անցընի աշխարհի տնտեսապէս ամենակարեւոր վայրերէն մի քանիէն, որ պիտի բարձրացնէ առեւտրային գործունէութիւնը Կասպից ծովու միւս կողմը եւ պիտի օգնէ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանի երկիրներուն։
«Ես լաւատեսօրէն տրամադրուած եմ, որ այսօր այստեղ գտնուող իւրաքանչիւր երկիր պիտի շահի խաղաղութենէն, եթէ օգտուի այս համաձայնագրով մեր ստեղծած հնարաւորութենէն», -ըսած է Թրամփը։