image

Տխուր պատահար. Հիւանդանոց տարուած է 5-ամեայ երեխայի դի

Տխուր պատահար. Հիւանդանոց տարուած է 5-ամեայ  երեխայի դի

Shamshyan.com-ի տեղեկութիւններով`առեղծուածային ու ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ:

Ժամը 17:55-ի սահմաններուն Երեւանի 1-03 շտապօգնութեան մեքենայով «Մուրացան» մանկական հիւանդանոց տեղափոխուած է տղայ երեխայի դի:

Պարզուած է, որ ըստ շտապ օգնութեան եւ ծնողներու խօսքերու՝ դիմելէ մօտ մէկ ժամ առաջ երեխան Նուպարաշէնի տարածքին մէջ նստած է կայանած բեռնատարի ղեկին եւ խաղցած կայանած մեքենայով։ Յետոյ ինքնուրոյն իջած է բեռնատարէն, որ ինքնաշարժած է` ձգելով երեխային անիւներու տակ։

Հայրը, նկատելով կատարուածը, երեխային իրենց մեքենայով բերած է իրենց տուն՝ Ազատամարտիկների փողոց։ Հասնելով տուն՝ նկատած են, որ երեխայի գլխուն առկայ են մեծ վէրքեր եւ գանկի ձեւազեղում, ինչպէս նաեւ գիտակցութեան կորուստ։

Այդ պահուն դիմած են շտապ բուժօգնութեան, որ երեխային տեղափոխած է «Մուրացան» մանկական հիւանդանոց։

Դէպքի փաստով քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ:

Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են նաեւ, թէ ու՞ր երեխան վնասուածքներ ստացած է:

Գ. Շամշեանի տեղեկութիւններով, մահացածը 5-ամեայ Ա. Ա.-ն է: