Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու նախընտրական դաշինքը` գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան (CHP) գլխաւորութեամբ, կրնայ ստանալ ձայներու աւելի մեծ բաժին, քան Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան (ԱԶԿ) եւ Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան իշխող դաշինքը: Այս մասին կը վկայէ Metropoll ընկերութեան նոր հետազօտութիւնը:
Հետազօտութեան մասնակիցները պատասխանելով հարցին, թէ որո՞ւ օգտին կը քուէարկէին, եթէ ընտրութիւնները կայանային յաջորդ Կիրակի, 27,1 տոկոսը ընտրած է CHP-ն: Անոր դաշնակից աջ կեդրոնամէտ Լաւ կուսակցութիւնն ալ ստացել է 13,1 տոկոս` ընդհանուր ձայներու թիւը հասցնելով 40,2 տոկոսի:
Պահպանողական Երջանկութիւն կուսակցութիւնը, որ ունի նոյն քաղաքական աւանդոյթները, ինչ ԱԶԿ-ն, հաւաքած է ձայներու 2,6 տոկոսը, Ալի Պապաճանի Ժողովրդավարութիւն եւ Յառաջադիմութիւն կուսակցութիւնը (DEVA)` 2,9 տոկոսը: Երկու կուսակցութիւններն ալ, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւուտօղլուի Ապագայ կուսակցութիւնը 2023-ի ընտրութիւններուն պիտի ըլլան մէկ դաշինքի մաս: Պահպանողական փոքր կուսակցութիւններու աւելացումը ընդդիմադիր «Ազգային Դաշինք»ի ձայները կը դարձնէ 45 տոկոսէ աւելի, քան ԱԶԿ-ի Ժողովրդական դաշինքինը, որու համաձայն ԱԶԿ-ն եւ MHP-ն կը շաշին համապատասխանաբար 32,2 եւ 7 տոկոսը: Սակայն այժմ դաշինքներէն որեւէ մէկը բաւարար ձայն չունի Թուրքիոյ գործող համակարգով նախագահ ընտրելու համար, անհրաժեշտ է 50 տոկոս գումարած մէկ ձայն: Եւ այս համակարգը քիւրտերու ձայները վճռորոշկը դարձնէ: Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու ձայնը հիմնականին մէջ բաշխուած է ԱԶԿ-ի եւ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան (HDP) միջեւ:
HDP-ն հիմա կը հաւաքէ ձայներու 12,6 տոկոսը եւ աջակցած է ժամանակին «Ժողովուրդներու Դաշինք»է թեկնածուներուն` 2019 թուականի տեղական ընտրութիւններուն մէջ ԱԶԿ-ի քաղաքապետերուն Թուրքիոյ մեծ նահանգներուն մէջ յաղթելու համար, սակայն, հիմա կուսակցութիւնը դուրս կը մնայ դաշինքէն: