image

ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի առաջնորդները համաձայն են, որ Իրանը չի կրնար միջnւկային զէնք ունենալ. Սպիտակ տուն

ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի առաջնորդները համաձայն են, որ Իրանը չի կրնար միջnւկային զէնք ունենալ. Սպիտակ տուն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը համաձայնութեան եկած են այն հարցի շուրջ, որ Իրանը չի կրնար միջուկային զէնք ունենալ։ Այս մասին յայտնած է Սպիտակ տունը։

«Երկու կողմերն ալ համաձայնած են, որ Իրանը երբեք պէտք չէ տիրապետէ միջուկային զէնքի», - նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Սպիտակ տունը նաեւ նշած է, որ կողմերը համաձայն են, թէ Հորմուզի նեղուցը պէտք է բաց մնայ՝ ուժանիւթակիրներու ազատ մատակարարումները ապահովելու համար։

Թրամփ Փեքինի մէջ լաւ հանդիպում ունեցած է Սի Ծինփինի հետ, եւ կողմերը պայմանաւորուած են ամրապնդել տնտեսական համագործակցութիւնը․ այս մասին նշուած է հանդիպման արդիւնքներուն վերաբերող Սպիտակ տան հաղորդագրութեան մէջ։