image

Ընտրակաշառք տալու եւ վերցնելու համար նախատեսած պատիժը պիտի խստացուի. Նախաձեռնութիւնը իշխող «ՔՊ»ինն է

Ընտրակաշառք տալու եւ վերցնելու համար նախատեսած պատիժը պիտի խստացուի. Նախաձեռնութիւնը իշխող «ՔՊ»ինն է

Նախապէս նախատեսած պատիժը ընտրակաշառք տալու եւ վերցնելու համար աւելի պիտի խստացուի. «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի շարք մը պատգամաւորներու կողմէ նոր օրէնսդրական նախաձեռնութիւն  դրուած է շրջանառութեան մէջ: Այս մասին յայտնած է ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը:

«Իմ եւ պատգամաւորներ Արուսեակ Ջուլհակեանի, Ալխաս Ղազարեանի եւ Վահագն Ալեքսանեանի կողմից նոր օրէնսդրական նախաձեռնութիւն է դրւում շրջանառութեան մէջ, որով նախկինում նախատեսած պատիժը ընտրակաշառք տալու եւ վերցնելու համար կը փոխուի:

Նախկինում նախատեսուած պատիժը մինչեւ 8 տարի ընտրակաշառք տալու համար կը փոխարինուի մինչեւ 10 տարի ազատազրկման: Նախկինում ընտրակաշառք վերցնելը, որի համար նախատեսուած էր պատիժ մինչեւ 7 տարի, կը փոխարինուի մինչեւ 9 տարի ազատազրկման»,-ըսած է Ալեն Սիմոնեանը: