image

Իսրայէլի ընդդիմութեան առաջնորդն Իրանի հետ հրադադարը որակած է որպէս «դիւանագիտական աղէտ»

Իսրայէլի ընդդիմութեան առաջնորդն Իրանի հետ հրադադարը որակած է որպէս «դիւանագիտական աղէտ»

Իրանի հետ հրադադարի քննարկման ընթացքին բանակցութիւններու սեղանէն Իսրայէլի բացակայութիւնը «դիւանագիտական աղէտ» է, որու համար պատասխանատու է վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն։ Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի ընդդիմութեան առաջնորդ եւ նախկին վարչապետ Եայիր Լափիտը։

«Մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին մենք երբեք չենք բախած այս մաշտապի դիւանագիտական աղէտի։ Իսրայէլը նոյնիսկ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ չէ եղած, երբ որոշումներ կը կայացուէին մեր ազգային անվտանգութեան հիմքերու վերաբերեալ»,– գրած է ան X ընկերային ցանցին մէջ։

Լափիտի կարծիքով՝ վարչապետը «ձախողած է քաղաքական եւ ռազմավարական առումով, ինչպէս նաեւ չէ հասած իր առջեւ դրուած որեւէ նպատակի»։

Աւելի վաղ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ պատրաստակամութիւն յայտնած էր բանակցելու Թեհրանի կողմէ ներկայացուած առաջարկներուն հիման վրայ եւ յայտարարած էր, որ երկու շաբաթով պիտի դադրեցնէ Իրանին ուղղուած հարուածները։ Իրանի եւ Իսրայէլի մէջ նոյնպէս համաձայնած են դադրեցնել հարուածները։