«Ինչ ասել ենք, ճիշդ է դուրս եկել, հիմա ասում ենք, եթէ Նիկոլ Փաշինեանը 2026–ին ընտրուի, մեր ապագան Արեւմտեան Ադրբեջանն է լինելու, Սիւնիքի վրայ մեծ հարցական է, կը մնայ, թէ չի մնայ, այս մասին Արթիկի մէջ քաղաքացիներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է «Հայաստան» դաշինքի վարչապետի թեկնածու Ռոպերթ Քոչարեանը։
Ան յիշեցուցած է, որ երբ 2021–ին Փաշինեան յայտարարեց, թէ Արցախի հարցով նշաձողը պէտք է իջեցնել, իրենք ըսին, որ սա Արցախի կորուստի պիտի բերէ, բայց «Դիմադրութիւն» շարժումը բաւարար աջակցութիւն չստացաւ։ Իսկ արդէն 2022–ին Պրահայի մէջ Փաշինեան Արցախը ճանչցաւ Ատրպէյճանի մաս։