Այսօր ընդդիմութեան առաջատարը «Ուժեղ Հայաստան»ն է, այդտեղէն շատ ենթադրութիւններ պէտք է ընել: Այս մասին ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՀ երրորդ նախագահ, ՀՀԿ նախագահ Սերժ Սարգսեանը։
Երրորդ նախագահը փաստած է, որ այս պահուն «Հայաստան» դաշինքի վարկանիշը իրենցմէ աւելի բարձր է։ Ըստ անոր՝ այդ եղած է պատճառներէն մէկը, որ ՀՀԿ-ն այլ մօտեցում որդեգրէ ընտրութիւններուն մասնակցութեան հարցով։
««Հայաստան» դաշինքի վարկանիշը մեզանից բարձր է։ Եթէ մեր վարկանիշը «Հայաստան» դաշինքից բարձր լինէր, մենք պարտաւոր էինք մասնակցել ընտրութիւններին»,- նշած է Սերժ Սարգսեանը։
«Կարծում եմ, որեւէ մէկի մօտ կասկած չկայ, որ այսօր ընդդիմութեան առաջատարը «Ուժեղ Հայաստան»ն է, այդտեղից շատ ենթադրութիւններ է պէտք անել»,- անդրադառնալով միաւորող ուժին՝ ըսած է Սերժ Սարգսեանը։
Աւելի վաղ, իր ճեպազրոյցի ընթացքին, ՀՀ երրորդ նախագահը ըսած էր, որ ինքը շատ-շատերէ աւելի կ՚ուզէ, որ «Հայաստան» դաշինքը յաղթահարէ ընտրութիւնները, քանի որ այդ բոլորի օգուտն է։