image

Թուրքիոյ մէջ յարձակած են Աթաթուրքի արձանին վրայ

Թուրքիոյ մէջ յարձակած են Աթաթուրքի արձանին վրայ

Թուրքիոյ Սեւծովեան Սամսուն նահանգին մէջ յարձակած են Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի արձանին վրայ:  Կը նշուի, որ երկու տղամարդ եկած են այգի, ուր տեղադրուած է արձանը, պարաններով կապած են ու փորձած են տապալել զայն: Ոստիկանութիւնը ձերբակալած է զանոնք: 

Նշենք, որ Սամսունի խորհրդանիշներէն մէկն է Մուսթաֆա Քեմալի արձանը: Քեմալը Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիրն է եւ առաջին նախագահը: Սամսունը նաեւ այն վայրն է, ուր Աթաթուրքը մեկնած է 1919 թուականին` սկսելու «անկախութեան պատերազմը»:

Այս միջադէպէն յետոյ տեղի բնակիչները սկսած են հերթապահութիւն կատարել արձանին մօտ ու ջահեր վառել: