Իրանի աւելի քան 80 համալսարան, հետազօտական կեդրոն եւ գրադարան ենթարկուած են ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի յարձակումներուն՝ Փետրուարին զինուած հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր։ Այս մասին յայտնած է Տաճիկիստանի մէջ Իրանի դեսպան Ալիրեզա Հաքիքիէանը։
«Համալսարաններու եւ գիտահետազօտական կեդրոններու դէմ յարձակումները աւելի քան որեւէ այլ բան կը բացայայտեն թշնամիներուն հակամարդկային էութիւնը։ Ամերիկեան եւ սիոնիստական յարձակողները ռազմական գործողութիւններու սկիզբէն մինչեւ այսօր հարուածներ հասցուցած են աւելի քան 30 համալսարաններու, քանի մը գիտական եւ հետազօտական կեդրոններու, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ գտնուող 55 գրադարաններու»,– ըսած է ան։