image

Թուրքիոյ մէջ նոր երկրաշարժ

Թուրքիոյ մէջ նոր երկրաշարժ

Թուրքիոյ Քահրամանմարաշ նահանգին մէջ 4,7 ուժգնութեամբ երկրաշարժ գրանցուած է, յայտնած է Աղէտներու կառավարման գործակալութիւնը։ Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն:

«Քահրամանմարաշ նահանգի Կոքսուն թաղամասին մէջ ժամը 09:47-ին 4,7 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նշուած է, որ երկրաշարժը տեղի ունեցած է մօտ 7 քիլոմեթր խորութեան վրայ։

Նախօրէին հաղորդուած էր, որ Քահրամանմարաշ նահանգին մէջ 6 փետրուարին տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժերու հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 48 448-ի։

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուի խօսքով՝ զոհերու շարքին կայ 6660 օտարերկրացի։ Անոնց մեծ մասը սուրիացիներ են։