Թուրքիոյ մէջ ոստիկանութիւնը Իսրայէլի օգտին լրտեսութիւն ընելու կասկածանքով աւելի քան 33 մարդ ձերբակալած է։ Այս մասին հաղորդած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը՝ TRT Haber-ին յղումով։
Աղբիւրի տուեալներով՝ Իսթանպուլի դատախազութիւնը կը հետաքննէ Իսրայէլի հետախուզական ծառայութիւններու գործունէութիւնը Թուրքիոյ մէջ։ Այս պահուն արդէն Իսրայէլի օգտին լրտեսութեան համար կասկածուող 46 մարդու ձերբակալման հրաման տրուած է։
Նշուած է, որ վերոնշեալ անձինք հետեւած են օտարերկրեայ քաղաքացիներուն եւ անոնց առեւանգելու ծրագրեր մշակած։
Ոստիկանութիւնը 57 հասցէէ բերման ենթարկած է 33 մարդ, եւս 13-ի որոնումները կը շարունակուի։