Թուրքիոյ Սաքարիա շրջանում հարսանեաց արարողութեան ժամանակ աղմկայարոյց միջադէպ տեղի ունեցած է: Հարսանեաց սրահը վերածուել է կռիւի դաշտի:
Ծեծուջարդի հետեւանքով 24 հոգի ստացած է տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ: Դէպքի վայր ժամանած են խումբ մը ոստիկաններ եւ շտապօգնութեան աշխատակիցներ: Մէկ հոգի բերման ենթարկուած է:
Ընկեային ցանցերու մէջ լայն տարածում գտած են բջջային հեռախօսներով տեսաձայնագրուած աթոռակռիւի տեսարանները:
Կռիւին պատճառն եղած է այն, որ փեսային եւ հարսին ազգականներուն միջեւ վիճաբանութիւն ծագած է, որ վերածուած է աթոռակռիւի: Սրահին մէջ աթոռները նետած են իրար ուղղութեամբ: Մէկ այլ պնդման համաձայն` ծեծկռտուքը յառաջացած է նշանադրութեան ժամանակ զարդերու հետ կապուած վիճաբանութեան հետեւանքով:
Կը նշուի, որ ամուսնացած զոյգը կը պատրաստուի դատի տալու իր հարազատները` իրենց տօնական օրը մղձաւանջի վերածելու համար: