image

Թուրքիոյ մէջ եղածները ի նպաստ Էրտողանին են. Financial Times

Թուրքիոյ մէջ եղածները ի նպաստ Էրտողանին են. Financial Times

Financial Times-էն կը կարդանք՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի դէմ հանդէս գալու ընդդիմութեան համատեղ առաջարկը քաոսի վերածուած է երկրի վճռական ընտրութիւններէն երկու ամիս առաջ։

Երկրի վեց խոշորագոյն ընդդիմադիր կուսակցութիւններն ամիսներ շարունակ աշխատած են 14 մայիսի քուէարկութեան ընդհանուր հարթակի վրայ եւ երկուշաբթի օր պէտք է յայտարարէին միասնական թեկնածուի մասին: Սակայն ուրբաթ օր մեծութեամբ երկրորդ ընդդիմադիր ուժ հանդիսացող ազգայնական «Լաւ» կուսակցութեան առաջնորդ Մերալ Աքշէնէր ըսած է, որ իր խումբը կը խախտէ վեց կուսակցութիւններու դաշինքը, եւ կոչ ըրած է նոր թեկնածուներ առաջադրելու Էրտողանի դէմ պայքարելու համար: Ան աւելցուցած է, որ դաշինքը «կորսնցուցած է ժողովուրդի կամքն արտացոլելու կարողութիւնը»։

Աքշէնէր ըսած է, որ ինք չի կրնար աջակցիլ ընդդիմադիր ամենամեծ խումբի՝ «Հանրապետական ժողովրդական» կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուին՝ որպէս դաշնակիցի ներկայացուցիչ։ Ան աւելցուցած է, որ միւս չորս քաղաքական կուսակցութիւնները հաւանութիւն տուած են անոր թեկնածութեան։ Փոխարէն ան կոչ ըրած է «Հանրապետական» կուսակցութիւնէն Պոլսոյ եւ Անգարայի քաղաքապետներ՝ Էքրեմ Իմամօղլուին եւ Մանսուր Եաւաշին մասնակցելու ընտրութիւններուն։

Բոլոր առաջատար ընդդիմադիր ուժերը (բացի քրտամէտ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական» կուսակցութիւնէն) ներառող միասնական ճակատի պառակտումը խթան է Էրտողանի համար։ Երկու տասնամեակ պաշտօնավարելէ յետոյ ան բախում կ'ունենայ ընտրական ամենադժուար փորձութիւններէն մէկուն հետ, որ երբեւէ առաջացած է, մոլեգնող գնաճի, ենթադրուող տնտեսական վատ կառավարման եւ միայն Թուրքիոյ մէջ 45 000 մարդու կեանք խլած աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքով հանրային վրդովմունքի պատճառով:

«Այն, ինչ տեղի ունեցաւ այսօր, մեծ հարուած է Էրտողանը հեռացնելու (ընդդիմութեան) ջանքերուն»,- ըսած է Teneo քաղաքական խորհրդատուական ընկերութիւնէն Վոլֆանկօ Փիքոլին՝ աւելցնելով, որ մասնատուած ընդդիմութիւնը դարձած է նախագահին «ամենամեծ նպաստը»:

Փիքոլին կը կարծէ նաեւ, որ ընտրութիւններուն երկու քաղաքապետներէն որեւէ մէկու մասնակցութեան Աքշէնէրի կոչը, իրականութեան մէջ, Թուրքիոյ «Հանրապետական կուսակցութեան» մէջ «ապստամբութեան» կոչ է։

Քըլըչտարօղլուն խոստացած է, որ դաշինքը «կը շարունակէ իր ճանապարհը» նոյնիսկ առանց Աքշէնէրի կուսակցութեան աջակցութեան։ Սակայն, Փիքոլիի խօսքով, դաշինքի միւս չորս անդամները՝ բացառութեամբ «Հանրապետական ժողովրդական» կուսակցութեան եւ «Լաւ» կուսակցութեան, կը հաւաքեն ձայներու ընդամէնը մօտ 1 տոկոսը: Այս տարուան նախագահական ընտրութիւնները կառավարութեան եւ ընդդիմութեան կողմէ ողջունուած են, որպէս Թուրքիոյ նորագոյն պատմութեան ամենակարեւոր մրցավազքերէն մէկը, քանի որ Էրտողան կը ձգտի ամրապնդել իր իշխանութիւնը հանրապետութեան 100-ամեակին: Եթէ թեկնածուներէն մէկը 50 տոկոսէն աւելի ձայն չհաւաքէ, ուրեմն պէտք է կայանայ ընտրութիւններու երկրորդ փուլ, որ, ինչպէս ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները յոյս ունին, կրնայ համախմբել Էրտողանի դէմ հանդէս եկող թեկնածուին աջակցութիւնը։ Նախագահի վարկանիշն անցեալ տարի անկում ապրած է, քանի որ բնակչութեան մեծ մասը տուժած է կենսական ծախսերու ճգնաժամէն, որ տնտեսագէտներու մեծամասնութեան կարծիքով խորացած է կառավարութեան քաղաքականութեան պատճառով: Սակայն Էրտողան հետագային յայտարարած է նախաձեռնութիւններու մասին, ինչպէս՝ նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում եւ պետական հատուածի աշխատավարձերու բարձրացում: