image

Թուրքիոյ մէջ. Աւերակուած հայկական եկեղեցին ծախու հանուած է

Թուրքիոյ մէջ. Աւերակուած հայկական եկեղեցին ծախու հանուած է

Թուրքիոյ Շանլըուրֆա նահանգի (պատմ.՝ Ուրֆա) Հալֆեթի շրջանին մէջ վաճառքի հանուած է հայկական  եկեղեցւոյ հողատարածքը։ Նման յայտարարութիւն տեղադրուած է 2025-ի փետրուար 5-ին  անշարժ գոյքի գործակալութեան կայքին մէջ եւ նշուած, որ «հայկական եկեղեցւոյ եւ քահանայի տան» զբաղցուցած հողատարածքը կը վաճառուի 2 միլիոն 810.000 լիրայով (մօտ 77.500 տոլար)։

Այս մասին գրած է ermenihaber.am-ը:

Կայքը նշած է, որ եկեղեցւոյ տարածքը կը կազմէ 904 քմ եւ առկայ է շինութեան սեփականութեան վկայականը։

Հայկական եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ բնակող Թուրքիոյ քաղաքացիներէն մէկը նշած է, որ այդտեղ նախապէս հայեր ապրած են ու գիւղին մէջ կար հայկական եկեղեցի եւ քահանայի տուն։ Ըստ անոր՝ հայերը մօտ 120 տարի առաջ գիւղէն հեռացած են եւ ատկէ ետք եկեղեցւոյ մէկ մասը մզկիթի վերածուած է։

«Եկեղեցւոյ պատերուն, ինչպէս նաեւ տան պատերուն կային նախշեր։ Այդ նախշազարդ պատերը 2023-ի փետրուարեան երկրաշարժի հետեւանքով փլուզած են։ Երկրաշաժէն առաջ այստեղ բնակած է սեփականատէրը, բայց վերջերս ալ լսած ենք, որ ան կ՚ուզէ վաճառել»։