Թուրքիոյ մէջ 61 փաստաբան կը պահանջեն քրէական գործ յարուցել Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի դէմ երկրաշարժի կապակցութեամբ, գրած է ermenihaber.am-ը։
Թուրքիոյ մէջ խումբ մը իրաւաբաններ յայտարարած են, որ աւերիչ երկրաշարժի զոհերու համար պատասխանատւութիւն կը կրեն կառավարութեան շարք մը անդամներ, նահանգապետները ու քաղաքապետները, կառուցապատողները եւ կապի գործակալները։ Պաշտօնատար անձանց շարքին յիշատակուած է Էրտողանի եւ նախագահականի հանրային կապերու վարչութեան ղեկավար Ֆահրետին Ալթունի անունը:
«61 հոգիէ բաղկացած յայտնի փաստաբաններու խումբը վերոնշեալ անձանց վերաբերեալ յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած է Անգարայի հանրապետական դատախազութիւն: Հաղորդման մէջ կը պահանջուի դատական գործընթաց սկսիլ անոնց դէմ՝ առաջ քաշելով մեղադրանքներ 11 տարբեր յօդուածներով»,–գրած է կայքը։
Փաստաբաններու կողմէ պաշտօնեաներուն վերագրուող յանցագործութիւններն են՝ «հաւանական դիտաւորութեամբ առաջացնել մէկէ աւելի անձանց սպանութիւն եւ վիրաւորում», «դիտաւորեալ անփութութիւն», «վերահսկիչ պարտականութիւններու անտեսում», «ծառայողական պարտականութիւններու չարաշահում», «կապի արգելափակում», «աջակցութեան կամ ծանուցման պարտաւորութիւն չկատարելը», «մրցոյթի արդիւնքներու կեղծում», «կաշառակերութիւն», «յանցագործութեան ապացոյցներ ոչնչացնելը, թաքցնելը կամ փոխելը»: