image

Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքին մէջ մեծ հրդեհ

Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքին մէջ մեծ հրդեհ

Մեծ հրդեհ բռնկած է Իզմիրի (Թուրքիա) շքեղ բնակելի համալիրի մէջ։ Այս մասին տեղեկացուցած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն՝ յղում կատարելով Իզմիրի նահանգապետին։

Միջադէպը տեղի ունեցած է գիշերը քաղաքի արեւմտեան Ենիքալէ շրջանին մէջ: Համալիրի բնակիչները տարհանուած են։ Հրդեհը մարելուն մասնակցած են 25 հրշէջ հաշուարկներ եւ ուղղաթիռներ Անգարայէն եւ Այտընէն։ Հրդեհը մարելուն խանգարած է այն, որ շէնքը երեսպատուած է փայտով։

Նախնական տուեալներով՝ տուժած է եօթ մարդ։ Կրակը լիովին ոչնչացուցած է մէկ մուտք։

Հրդեհի պատճառը դեռ պարզուած չէ: