image

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ առեւտուրը այլեւս տոլարով պիտի չկատարուի

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ առեւտուրը այլեւս տոլարով պիտի չկատարուի

Թուրքիոյ Ելեւմուտքի նախարարութիւնը Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններ սկսած է՝ երկու երկիրներու միջեւ կատարուող առեւտուրը ոչ թէ տոլարով եւ եւրոյով, այլ իրենց ազգային արժոյթներով իրականացնելու ուղղութեամբ: Այս մասին  յայտնած է ազրպէյճանական «minval.az» լրատուական կայքը:

2016 թուականի 10 ամիսներու ընթացքին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը կազմած է 1 մլռ. 826 մլն. 861,84 հազար տոլար:

Ազրպէյճանի ընդհանուր առեւտրաշրջանառութեան 12,91 տոկոսը բաժին կը հասնի Թուրքիոյ հետ իրականացուող առեւտուրին: