Հոլանտացի երկրաշարժագէտ Ֆրանք Հուգըրբից, որ կանխատեսած էր աւերիչ երկրաշարժերը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ, ըսած է, որ մարտին Երկրի վրայ նոր շատ մեծ երկրաշարժ տեղի պիտի ունենայ, գրած է rg.ru-ն։
Solar System Geometry Survey (SSGEOS) գիտական հիմնարկի (ուր Հուգըրբից կ'աշխատի) զեկոյցին մէջ ըսուած է, որ 2 եւ 5 մարտին մոլորակներու մօտենալը կրնայ յանգեցնել շատ մեծ ցնցումներու աշխուժութեան։ Երկրաշարժերու շարք մը կրնայ տեղի ունենալ 2023 թուականի 3 մարտէն մինչեւ 7 մարտ։
Ցնցումներու ուժգնութիւնը կրնայ ըլլալ 8,5 բալ եւ աւելի։
«Չեմ չափազանցեր, չեմ փորձեր վախ տարածել, սա ընդամէնը նախազգուշացում է»,- ըսած է գիտնականը։
Հիմնարկը նաեւ անուանած է այն շրջանները, որոնք ընկած են այսպէս կոչուած կարմիր գօտիին վրայ՝ Ճափոնի հարաւը, Ինտոնեզիան, Փաքիստանը, Յունաստանը, Փորտուգալը եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէկ մասը։ Այս ցուցակին մէջն է նաեւ Ռուսիան։ Ֆրանք Հուգըրբից կը կարծէ, որ Քուրիլեան կղզիներուն մէջ կրնայ տեղի ունենալ աւերիչ երկրաշարժ։
Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Թուրքիոյ երկրաշարժերու զոհերու թիւը հասած է 45 089-ի։