Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորhուրդի այսօրուան նիստին պիտի քննարկուին հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները, խաղաղութեան պայմանագիրը: Այս մասին յայտնած է dailysabah.com-ը՝ մանրամասնելով, որ պիտի քննարկուի Հրաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակը:
Նշուած է, որ սա պիտի գումարուի վերջին երկու ամսուան ընթացքին Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի առաջին նիստը, այն պիտի կայանայ Անգարայի մէջ: Ներկայ պիտի ըլլան նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը, անոր օգնականները, նախարարները եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերու հրամանատարները։
Պիտի քննարկուին նաեւ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող ճգնաժամը եւ ռուս-ուքրանական հակամարտութիւնը: